Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ- Պայքար – 139
Մեծ Եղեռնի եւ անկէ առաջ հայոց կոտորածներու տարիներու օտար ականատես վկայութիւններուն հաւաստիութիւնը ազդու եղած է միջազգային գիտական եւ պետական շրջանակներու մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Լէսլի Էմըրտըն Տէյվիսը (ծնած 1876ին Փորթ Ճեֆֆըրսըն, Ուաշինկթընի «Ճորճ Ուաշինկթըն» իրաւաբանութեան դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ կ՛աւարտէ նաեւ Նիւ Եորքի համալսարանի իրաւաբանական դպրոցը), Պաթումի մէջ դիւանագիտական ծառայութեան կը նշանակէ: Միջպետական դիւանագիտական յարաբերութիւններէ աւելի, Լէսլի Տէյվիս կ՛աշխատի տեղեկութիւններ հաւաքել շրջանի ժողովուրդներուն մտածելակերպի եւ հոգեբանութեան մասին ու կը կատարէ շրջապտոյտներ Իւզպէքիստան, Միջին Ասիոյ անապատները, Կովկասեան լեռներ, Հայաստան եւ մինչեւ իսկ կը բարձրանայ Մասիսի գագաթը: Ապա ան Խարբերդ կը հասնի իր նոր պաշտօնին՝ իբրեւ Ա. Մ. Ն. ի հիւպատոս (տեսնել Լէսլի Տէյվիսի հեղինակած «Սպանդի Նահանգը» – “The Slaughterhouse” Province”, Aristide d Caratzas Pub., First Edition, US, (November 1, 1989), 216 pages, Edited by Susan K. Blair):
1915ին Խարբերդի նահանգը կամ Մամիւրէթ-իւլ-Ազիզի վիլայէթը իբրեւ սպանդի վայր ընտրուած էր, որովհետեւ ան կ՛իյնար երկրին խորերը՝ դէպի արեւելք: Թուրքերը ո՛չ միայն տեղւոյն հայերը, այլեւ Հայաստանի արեւմտեան հատուածի տարբեր նահանգներու հայութիւնը հոն կը քշէին, կը հաւաքէին ու կը սպաննէին: Խարբերդի մէջ գտնուող Լէսլի Տէյվիսը անտարբեր չի մնար եւ կամովին կը ստանձնէ նահատակուող հայութեան պաշտպանութիւնը: Այս նոյն այն Լէսլի Տէյվիսն էր, որ հայոց մասին հետեւեալը կ՛ըսէր կոտորածներէն կարճ ժամանակ առաջ. «Հայ մայրերը իրենց դուստրերը տուած են նուաստագոյն եւ ամենէն անարգ թուրքերու իրենց սեփական կեանքը փրկելու համար… ստախօսութիւնը, զեղծարարութիւնն ու չափազանց դրամասիրութիւնը այս կանանց մեղաւոր մոլութիւններն են… բոլոր տեսակէտներով, այս ցեղը ոչ ոք կը հրապուրէ…»:Սակայն Տէյվիս չի նշեր թէ հայերը ի՞նչ պատճառաւ այդպէս կ՛ընէին, քանի որ բռնագաղթի սկիզբը տակաւին ան թրքական բռնակալութեան տակ տույտող հայոց իրավիճակին խորքը չէր թափանցած: Ասոր մասին Պենի Մորիսի եւ Տրոր Զիվիի համահեղինակած «Երեսուն Տարիներու Ցեղասպանութիւնը- Թուրքիոյ Բնաջնջելը Իր Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւնները 1894-1924» (The Thirty-Year Genocide, Turkey’s Destruction of Its Christian Minorities 1894-1924, Harvard University Press, USA, 2019, 656 pages) գիրքին յառաջաբանին մէջ կը կարդանք. «Լէսլի Տէյվիս ինքզինքին թոյլ չտուաւ որպէսզի նախապաշարումը պղտորէ իր տեսողութիւնը: Բռնագաղթի օրերուն Տէյվիս հայոց դէմ գործադրուած թրքական վայրագութիւններուն մասին տասնեակներով զեկուցումներ ղրկեց Կ. Պոլսոյ Ա. Մ. Ն. ի դեսպան՝ Հենրի Մորկընթաուին եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան» (էջ 1): Համահեղինակները՝ Պենի Մորիս եւ Տրոր Զիվի կը մէջբերեն Տէյվիսի Կէօլճիւք լիճին շուրջ միսիոնար տօքթ. Հենրի Աթքինսընի հետ կատարած շրջագայութեան տեղեկագրութենէն ըսելով. «Մեռած մարմիններ տեսանք ճամբուն ամբողջ երկայնքին… շուները զանոնք մասամբ կրծած էին… կիներու եւ երեխաներու դիակներ… քանի մը հարիւր դիակներ կային հոն…Քանի մը մարմիններ այրած էին… քիւրտերու կողմէ… երեւան հանելու համար ոսկիներ, զորս հաւանականօրէն կիները կլլած կրնային ըլլալ… ձորի մը մէջ տեսանք աւելի քան 1500 դիակներ… գարշահոտութիւնը զօրաւոր էր… ծեր քիւրտ մը ըսաւ մեզի թէ թուրք ոստիկաններն ու զինուորները կը բերէին խեղճերը եւ քիւրտերուն կը յանձնէին: Վերջիններս զանոնք կողոպտելէ յետոյ կը սպաննէին: Թուրքերն ու քիւրտերը կողոպուտէն հաւաքուած դրամը կը բաժնուէին…» (էջ 2):
Ինչպէս նշուեցաւ Լէսլի Տէյվիս անտարբեր չի մնար եւ կամովին կը ստանձնէ նահատակուող հայութեան պաշտպանութիւնը: Աւելին՝ ամերիկեան պաշտօնական հաստատութեանց իր գրութիւններուն մէջ Տէյվիս թրքական ոճրագործութեանց սահմռկեցուցիչ մանրամասնութիւնները կը նկարագրէր եւ իր պետութեան կառավարութեան կը յորդորէր միջամտել եւ առաջքն առնել արհաւիրքի տարածման: Ան հիւպատոսարանը ապաստարանի վերածած էր եւ քանի մը տասնեակ հայեր պատսպարելէ յետոյ Տերսիմի ճանապարհով Կովկաս ղրկած էր: Տէյվիս չէր զլացած նոյնիսկ մէկ հայու կեանքը փրկելու համար Խարբերդի կառավարիչին դիմելու:
Լէսլի Տէյվիսի գրածները ոչ-հայ ականատեսի անողոք մեղադրանքներ են, անհերքելի փաստերով եւ մանրամասնութիւններով լեցուն: Ան կը նկարագրէ Երիտթուրքերու յղացած, ծրագրած եւ գործադրած վայրենի ոճրագործութիւնները: Ամերիկացի պետական պաշտօնեաները երբ կ՛ընթերցեն Տէյվիսի գրածները, խուճապի կը մատնուին եւ զանոնք «գաղտնի» կնիքով կը դրոշմեն: Այս պատճառաւ այդ փաստաթուղթերը երկար տարիներ անձեռնմխելի ու անհասանելի կը մնան: Միայն վերջերս, ամերիկացի ուսումնասիրող տիկին Սիւզան Պլէրը Լէսլի Տէյվիսի հաշուետուութեան մէկ օրինակը կը պատճէնահանէ, կը գաղտնազերծէ ու մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան կ՛ենթարկէ: Տիկին Պլէր կը յայտնաբերէ նաեւ Լէսլի Տէյվիսի՝ 1915ին Խարբերդի մէջ լուսանկարած պատկերներուն մէկ մասը եւ զանոնք օժտելով ծանօթագրութիւններով, կը հրատարակէ: Այս բոլորը անգլերէնէ թարգմանուելով՝ լոյս կը տեսնեն նաեւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ («Սպանդի Նահանգը», թարգմանիչ եւ խմբագիր՝ Գրիգոր Ջանիկեան, «Դալլէ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2001, 368 էջ):
Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի հաստատման երկրորդ ազդու տուեալը կը ներկայանայ Վոլֆկանկ Կուսթի ուսումնասիրութիւնը:
Վոլֆկանկ Կուսթ՝ գերմանացի լրագրող ու պատմաբան, պատահականօրէն կը ծանօթանայ Հայոց Ցեղասպանութեան: 1992-ին ան կը կարդայ Ժագ Տէր Ալեքսանեանի «Le ciel était noir sur l’Euphrate» («Եփրատի Վրայ Երկինքը Սեւ Էր») ֆրանսերէն գիրքը (սոյն յուշագրութեան հայերէն ամփոփումը տե՛ս Յարութիւն Իսկահատեան, «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» հատորաշարքի Բ. գիրքը, էջ 15 – Յ. Ի.): Կուսթ շատ կը զարմանայ առաջին անգամ կարդալով հայու մը տառապանքին մասին, քանի որ մինչեւ այն ատեն իմացած էր միայն հրեաներու ողջակիզման մասին:
Վոլֆկանկ Կուսթ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը սկիզբը մամուլով կ’արծարծէ, ապա իբրեւ ուսումնասիրութիւն լոյս կ’ընծայէ՝ «Հայերի Ցեղասպանութիւնը 1915-1916 – Գերմանիոյ Արտաքին Գործերի Նախարարութեան Քաղաքական Արխիւի Փաստաթղթերից 1915-1916» (The Armenian Genocide: Evidence from the German Foreign Office Archives 1915-1916) հատորը: Գիրքին հայերէնի թարգմանիչը՝ Ռուզան Պորիսի Եորտանեան կ’ըսէ, թէ մինչեւ գիրքի հրատարակութեան տարին` 2005 թուականը, Հայկական Հարցը Գերմանիոյ հասարակութեան յայտնի չէր պէտք եղած չափով: Այս պատճառաւ Վոլֆկանկ Կուսթ հարկադրուած է նկարագրելու պատմական փաստերը եւ միայն անկէ ետք ընելու իր ընդհանրացումները:
Ռուզան Եորտանեան գիրքին յառաջաբանին մէջ կը գրէ. «Այս գրքի հրատարակումը չափազանց կարեւոր է, քանի որ այն պարունակում է հենց Գերմանիայի՝ Թուրքիայի կարեւորագոյն դաշնակցի, արտգործնախարարութեան քաղաքական արխիւի փաստաթղթերը՝ առանց խմբագրման ու կրճատման, որոնցում չէին կարող լինել կեղծիքներ ու չափազանցումներ, մի բան, որ նրանք յաճախ մեղադրականով վերագրել են Անտանտի (Դաշնակից կամ Համաձայնական պետութիւնները Ա. Համաշխարհային Պատերազմին- Յ. Ի.) կողմի հրապարակումներին: Ոչ մի այլ երկիր այնքան մօտ չէր այդ իրադարձութիւններին, որքան Գերմանիան: Նրա միսիոներները, ուսուցիչները, սպաները, հիւպատոսներն ու դեսպանները փաստագրել են Մեծ Եղեռնի մանրամասները: Գիրքը եւս մէկ անգամ ապացուցում է ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան անառարկելիութիւնը, այլեւ Գերմանիայի մեղսակցութեան չափը»:
Շարունակելով` Եորտանեան կ’ըսէ, թէ գերմանացի դեսպաններն ու հիւպատոսները շատ մտահոգած են իրենց նման քրիստոնեայ հայոց ջարդերով, զանոնք բնաջնջելու փորձերով ու Գերմանիոյ վարկով:
Վոլֆկանկ Կուսթ համացանցին մէջ ստեղծած է www.armenocide.net կայքը, ուր ան լայնածաւալ լուսաբանութիւններ կու տայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստագրութեան մասին: Կայքին մէջ ան տեղադրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման նպաստող բազմաթիւ փաստաթուղթեր:
Երրորդ տուեալ մը, այս անգամ գերմանացի ականատես վկայ եւ ուսումնասիրող Էրնսթ Զոմմերի ներդրումն է Հայասպանութեան փաստի ազդու հաստատման գործին մէջ, դրսեւորուած հետեւեալ հրատարակութեամբ. Էրնսթ Զոմմեր, «Ճշմարտութիւնը Աշխարհամարտի Ժամանակ Թուրքիայում Հայ Ժողովրդի Կրած Տառապանքների Մասին», Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչութիւն, գերմաներէնէ թարգմանեց Էվելինա Մակարեան, Երեւան, 2002, փոքր չափի 87 էջ: (Թարգմանուած՝ Ernst Sommer, «Die Wahrheit über die Leiden des Armenischen Volks in Türkei während des Weltkreigs, Verlag Orient, Frankfurt-am-Main, 2002 գիրքէն).
Գերմանացի պատմաբան Էռնսթ Զոմմեր կը նշէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամօթանքն է նաեւ ողջ Եւրոպայի, որ իր անտարբերութեամբ քաջալերեց ցեղասպանը: Պատասխանատուութիւնը մեծ է մանաւանդ քայզերական Գերմանիոյ, որ մեղքի մեծ բաժին ունի մարդկութեան դէմ այս մեծագոյն ոճիրին իրականացումը թոյլ տալու համար: Աւելին. գերմանացի սպաներ մասնակցած են թուրքերու գործած ոճիրներուն: 1914-1923-ին եւ նոյնիսկ աւելի ետք, Գերմանիոյ իշխանութիւնները ուշի ուշով կը հետեւէին մամուլին, որպէսզի գերմանացի ժողովուրդը անտեղեակ մնար հայ ժողովուրդին դէմ գործուած եւ գործուող ոճիրներէն ու անմարդկային բռնութիւններէն: 1917-ին Գերմանիոյ գրաքննիչ ատեանը լրատուական բոլոր միջոցներուն կը հրահանգէ. «Լաւագոյնը կը լինի հայերի մասին լռել»:
Հակառակ Թուրքիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Իսրայէլի եւ արբանեակ երկիրներու Հայասպանութեան ճշմարտութեան ուրացման, Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը լայն ճանաչում գտած է աշխարհի մնացեալ երկիրներու կողմէ, թէ՛ պաշտօնապէս եւ թէ՛ հանրային կարծիքի տեսակէտէ: Աւելին՝ ուրացման ոյժերու հակակշռին տակ ապրող ժողովուրդներու հանրային կարծիքի համոզումը դրական է այս ուղղութեամբ: Ուրացման բեւեռի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութեանց եւ պետական այլ արխիւներուն մէջ Հայասպանութեան փաստը ամրապնդող բազմաթիւ վեւերագրութիւններ գոյութիւն ունին: Նոյնինքն Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ ոչ միայն հանրային կարծիքը, այլ նաե՛ւ բազմաթիւ թուրք թէ քիւրտ մտաւորականներ, ազգային գործիչներ եւ ուսանողներ Հայասպանութեան փաստը ամօթով կ՛ընդունին եւ ցարդ ներողութիւն խնդրած են հայոցմէ:
Այդուհանդերձ ուրացող վերնախաւերը լաւ կը գիտակցին Հայասպանութեան փաստին ճշմարտացիութիւնը, պարզապէս քաղաքական եւ տնտեսական շահերու պատճառաւ է որ ուրացումը կամ կիսա-ուրացումը որոշ շրջանակներու մէջ իր գլուխը կը ցցէ տակաւին: Հետեւաբար անոնց կը մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչումը իրագործել՝ քաղաքական խիզախ քայլ մը առնելով ու հեռանալով ինքնախաբէութենէ եւ խարդախութենէ…: