ՊԱՅՔԱՐ 140-Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
Եգիպտական «Միրաաթ Ալ-Ահուալ» («Կացութեան Հայելին») թերթը 8 Փետրուար 1877-ի թիւ 17-ի մէջ, Օսմանեան Պետութեան հայկական վեց նահանգներու եւ անոնցմէ դուրս ապրող հայոց վիճակը կը քննարկէ յօդուածով մը՝ լոյս տեսած «Միջազգայնացում Եւ Բարենորոգումներ 1876-1893» խորագիրը կրող արաբերէն Ա. հատորին մէջ (Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Սաթենիկ Չաքըր Ֆոնտի հրատ., Գահիրէ, 2015, 550 էջ), որ մաս կը կազմէ 14 հատորնոց աշխատութեան մը՝ «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագիրով: Եգիպտահայ հասարակական գործիչ, Պատուոյ ատենապետ Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովի Եւ Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի՝ տիար Պերճ Թերզեան, հատորաշարքի պատրաստութեան եւ հրատարակութեան մասին տեղեկութիւններ կու տայ եւ զայն կը ներկայացնէ Ա. հատորի յառաջաբանով: «Վարչութիւնը այս գործը վստահեցաւ Եգիպտոսի Տամանհուր Համալսարանի նորագոյն եւ ժամանակակից պատմութեան դասախօս՝ դոկտ. Մուհամմատ Ռիֆաաթ Ալ-Իմամի գլխաւորութեամբ գիտական յետազօտական խմբակի մը», կ’ըսէ ան: Արաբական մամուլի մէջէն երեւան եկած են 36 հազար էջ կտրօններ հայոց եւ Հայաստանի մասին, իբրեւ արդիւնք աւելի քան տասը տարուան պրպտումներու եւ ուսումնասիրութեանց: «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքը կազմելու համար սոյն վաւերագրութիւնները օգտագործուեցան: Անոր նիւթերը հաւաքուած են 253 թերթերէ: Աշխատութեան առաջինն է սոյն հատորը: Հաւաքուած են նաեւ արաբերէն մամլոյ հրատարակուած նիւթեր որոնք չեն օգտագործուած սակայն պիտի օգտագործուին՝ Եգիպտոսի մէջ հայոց գործունէութեան եւ լրատուութեան նիւթը ներկայացնելու, «բացատրելու համար Եգիպտոսի արդի պատմութեան մէջ հայոց խաղցած կարեւոր դերը վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին» (էջ 3), կ’աւելցնէ Պերճ Թերզեան:
Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի վարչութիւնը հաստատած է արաբերէն www.arminmedia.com յատուկ կայքէջը, որ կը պարփակէ «Հայաստան Եւ Հայերը Արաբական Մամուլին Մէջ 1876-1923» ընդհանուր խորագրով հատորներու շարքին ամբողջ բովանդակութիւնը: Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան, որ մղիչ ոյժն է սոյն կայքէջի իրագործումին, կը յուշէ թէ կարելի է այդ կայքէջին մէջ որոնումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարել՝ թուականով, նիւթի խորագրով, թերթի կամ հեղինակի անունով, կը տեղեկացնէ տիար Պերճ Թերզեան:
Առաջին հատորի էջ 38-էն 48ի մէջ լոյս տեսած վերոյիշեալ յօդուածին մէջ կ’ըսուի. «Ասիոյ հայոց վիճակը թշուառ է, որովհետեւ անոնք իրենց դրացիներէն ամէն տեսակ չարիք կը տեսնեն: Հայերը յանցանք մը չունին: Պարզապէս անոր համար որ թուրք չեն անոնք: Հայերը իրենց յոգնաջան աշխատանքի եւ բազուկներու ճիգի վաստակին մեծ մասը պետութեան կու տան եւ թուրքերուն բնաւ մտահոգութիւն չեն պատճառեր: Ասով հանդերձ անոնց կղերականները, կիներն ու մանուկները [այրերն ու նոյնիսկ ծերերը- Յ. Ի.] ամէն օր կ’անարգուին, կը բանտարկուին եւ կը հարստահարուին հրեաներու նման, որոնք փարաւոններու իշխանութեան տակ կը հալածուէին: Այս պատճառով հայերը եւրոպական երկիրներու կը դիմեն ու անոնց օգնութիւնը կը հայցեն: Հայերը եւրոպացիներուն կոչ կ’ուղղեն մարդկութեան ծառայութիւն ընելու սիրոյն հայկական նահանգներու մէջ բարենորոգումներ իրականացնելու, որովհետեւ այդ երկրին մէջ երեք միլիոն հայեր կ’ապրին եւ կը տառապին ծանր բռնատիրութեան տակ, պարզապէս անոր համար որ «հայ» են» (էջ 38):
Կ. Պոլսոյ հայերը ի տես գաւառի հայոց դէմ կատարուող հալածանքներուն, խժդուժութիւններուն եւ սպանութիւններուն, պատրաստած են զեկոյց մը, որուն մէջ կը նկարագրուին հայոց տառապանքի զանազան երեսները: Սոյն զեկոյցը անգլերէնի թարգմանուած է եւ կ’ընդգրկէ 1000 վկայութիւններ հայոց հալածանքներու, սպանութիւններու ու տառապանքերու մասին: Իւրաքանչիւր տեղեկագրին մէջ շեշտուած է քիւրտ աղաներու եւ թուրք պէյերու գործած կեղեքումները հայոց նկատմամբ:
Յօդուածին մէջ հայոց դէմ թուրքերու կողմէ ի գործ դրուած բազում վայրագութիւններու շարքին կը յիշուին Մուշի եւ Վանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը 1870-ականներու սկիզբը: Արդարեւ Մուշի մէջ քիւրտերը հայկական տասնըեօթը գիւղերու խաղաղ բնակիչները իրենց հագուստներէն, դրամէն եւ կահ-կարասիէն կողոպտելէ ետք, անոնց տուները կրակի տուած են, ժողովուրդը ձիւնին եւ ցուրտին անպատսպար ձգելով, կ’ըսուի յօդուածին մէջ: Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը այս մասին գրաւոր տեղեկացուցած է Բ. Դուռը, ընդգծելով որ հայոց ագարակներուն, դաշտերուն եւ այգիներուն հրդեհուելուն պատճառով պետութեան գանձը որոշ եկամուտէ պիտի զրկուի ինքնաբերաբար (էջ 39), կը կարդանք հոն:
Թուրք զինուորները Վանէն անցած ժամանակ, հայոց խիստ նեղութիւն պատճառելէ յետոյ, հայերէն շատերը կը սպաննեն, կը վիրաւորեն, կ՛առեւանգեն եւ անոնց տուները, դաշտերն ու այգիները կը հրկիզեն, պարզապէս հայոց ցուցադրելով իրենց «ոյժն ու ցասումը»՝ ռուսական բանակէն պարտուած ըլլալու ոխը հանելով:
Բ. Դուռը բնաւ ականջ չէր դներ հայոց գանգատներուն, աղաչանքներուն եւ աղերսանքներուն: Ի՞նչպէս կարելի է ակնկալել այդ բարձրագոյն հեղինակութենէն դադրեցնել հայոց դէմ կատարուղ թրքական ու քրտական բարբարոսութիւնները, երբ նոյն ինքն էր որ հրամանը կ’արձակէր եւ հայոց դէմ գործադրուելիք յարձակումներուն մանրամասնութիւնները կը ծրագրէր: Այս մասին նոյն յօդուածին մէջ կը կարդանք. «Թուրքերը չէին հրաժարեր իրենց վատ սովորութիւններէն՝ կեղեքումներէ, սպանութիւններէ եւ առաւանգումներէ: Այս ընթացքով անոնք Եւրոպան (որ կը վախնար հայկական նահանգներու ռուսական հաւանական գրաւումէն- Յ. Ի.) կը մտահոգէին: Թուրքերը նոյնն են ինչ որ վեց ամիս, վեց տարի կամ վեց դար առաջ: Անոնք կը գործէին հակառակ իրենց յայտարարած Սահմանադրութեան, ըստ որում՝ բոլոր քաղաքացիները իրաւունքներու նկատմամբ հաւասար են: Օսմանեան Սահմանադրութիւնը կոպիտ կերպով կը խախտէին անոնք, հայոց դէմ բռնութիւն բանեցնելով» (էջ 40):
Հայոց աղերսանքներուն եւ աղաղակներուն չլսող օսմանեան կառավարութիւնը օր ցերեկով եւրոպացիները խափել կը փորձէ Կ. Պոլսոյ թրքերէն թերթերուն միջոցով տարածել տալով խեղաթիւրուած լուրեր, կարծիքներ եւ թունաւոր մեկնաբանութիւններ հայոց մասին: Սոյն թերթերը կը գրէին թէ հայերը Օսմանեան Պետութեան մէջ շատ գոհունակ ու հանգիստ կեանք մը կ’ապրին եւ թէ հայերէն փոքր մաս մը միայն կը դժգոհին ու եւրոպական միջամտութիւնը կ’ուզեն: Թրքական թերթերը կ՛ըսեն թէ հայութեան մեծ մասը կը մերժէ օտարներու եւ մանաւանդ Եւրոպայի միջամտութիւնը: Սակայն յօդուածին մէջ հետեւեալ ձեւով կը պատասխանուի անոնց. «Հայերը ի՞նչպէս գոհ մնային թրքական տիրապետութեան տակ երբ իրենց եղբայրները ռուսական տիրապետութեան տակ խաղաղ կեանք մը կ’ապրին ու կը բարգաւաճին, կեանքի ամէն տեսակ դիւրութիւններով: Հայաստանի արեւելեան հատուածի հայերը ազատութեան մէջ կ’ապրին եւ անոնցմէ ոմանք կը մրցին ռուսերու հետ հասնելու համար պետական թէ վարչական բարձր պաշտօններու: Հայերէն շատեր նախարարներ, պետական պաշտօնեաներ եւ ռուսական բանակի բարձրաստիճան սպաներ դարձած են» (էջ 47):
Այս աշխատութեան Ա. հատորին յաջորդական էջերը կարդալով, մամլոյ լուրերէ եւ մեկնաբանութիւններէ կը տեղեկանանք հայկական նահանգներու բարեկարգումներուն եւ հայոց տառապանքներուն մասին: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է «Հայկական Հարցը» խորագրեալ յօդուածը, որ լոյս տեսած է «Ալ-Ահրամ» օրաթերթի 20 Նոյեմբեր 1879ի թիւ 172ի մէջ, ուրկէ կը տեղեկացնէ թէ Կ. Պոլսոյ մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Սըր Լէյըրտ (Օսթըն Հենրի Լէյըրտ, 5 Մարտ 1817 – 5 Յուլիս 1894, հնաբան, երկրաչափական գծագրիչ եւ դիւանագէտ- Յ. Ի.) կը պահանջէ Բ. Դուռէն թրքամէտ անգլիացի զինուորական Պաքիր փաշան (Վալընթայն Պէյքըր, 1827 –1887) նշանակել Կարինի կառավարիչ (էջ 91-93): Յօդուածագիրը ասոր պատճառը կը վերագրէ այն իրողութեան, թէ Անգլիա մտահոգ էր հայոց թշուառ վիճակով, ոչ թէ անոնց սիրոյն, այլ կը վախնար մօտալուտ հաւանական ռուսական միջամտութենէ մը, հայերը բռնատիրութենէ դուրս բերելու համար: Ուստի Մեծն Բրիտանիա ջանք կը թափէր որ հայկական նահանգներու մէջ շուտով բարենորոգումները իրականանային: Այդ հարցը բոլոր կողմերը խիստ կը հետաքրքրէր, իրենց ինքնուրոյն շահերէն մեկնելով, բացի թուրքերէ, որոնք ժամանակ կ’անցընէին եւ կը շարունակէին բնաջնջել հայերը այն յոյսով, որ եթէ այլեւս հայ չմնայ, բարեկարգումներու կարիքն ալ կ’անհետանայ:
Եգիպտոս ապրող արաբներու կողմէ հայոց պարագան կը դիտուի տարբեր ձեւով՝ մարդկային դիտանկիւնէ, տարբեր միջավայրի մէջ ապրող մարդոց հայեացքով, տարբեր մտայնութեամբ՝ երբ բաղդատենք եւրոպականին կամ ամերիկեանին հետ: Վոլֆկանկ Կուսթի յայտնաբերած արխիւները վկայուած են գերմանացի դիւանագէտներու, միսիոնարներու եւ անհատներու կողմէ, որոնք այդ ժամանակի ազգայնամէտ ուղղութիւնը ունին, որ դէմ էր հայկական որեւէ ինքնուրոյնութեան: Ամերիկեան արխիւներու բովանդակութիւնը ամերիկացի դիւանագէտներու եւ միսիոնարներու մեկնաբանութիւննրն ու վկայութիւններն են, որոնք բոլորովին տարբեր են արաբականէն, նկատի ունենալով իրենց չոր իրականութիւնը ներկայացնելու ձեւը, թէեւ լուրերը իրարու նման են: Արաբական վաւերագրութիւնները լոկ լրագրողներու եւ վերլուծաբաններու դիտանկիւնէն բխած են: Ամենայն դէպս երբեմն կան նաեւ նմանութիւններ արեւելեան եւ արեւմտեան աղբիւրներու վկայութիւններու միջեւ: Ասոնցմէ ամենէն ուշագրաւը այն է, թէ բոլորն ալ հայոց դէմ թուրքերու, քիւրտերու, չէրքէզներու եւ չէչէններու կատարած ոճրային արարքներու դատապարտութիւնը կը պարունակեն: Հակառակ այն իրողութեան թէ արաբական թերթերու յօդուածագիր հեղինակներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իսլամ կրօնքի կը պատկանին, այդուհանդերձ անոնք խստօրէն կը դատապարտեն իսլամ Թուրքիան եւ թուրքերը՝ հայոց դէմ ի գործ դրած ոճիրներուն համար: Աւելին, արաբները այլ առիթներով կը յստակացնեն ու կը լուսաբանեն կարեւոր հարց մը, թէ իսլամ կրօնքը չարտօներ այն ոճիրները զորս թուրքերն ու քիւրտերը կը գործադրեն հայոց դէմ: Մինչ վերջիններս այդ ոճիրները կը գործեն իսլամ կրօնքի անունով, դաւաճանելով իրենց իսկ հետեւած վարդապետութեան՝ իսլամ կրօնքի ուսուցմունքներուն, կը շեշտեն այդ աղբիւրները:
Անօրէնները միշտ կը փնտռեն ժամանակներ ու վայրեր, ուր օրէնքը ժամանակաւորպէս դադրած է գործելէ եւ իրենց ոճիրները կը գործեն մութին՝ խառն վիճակի մէջ: Քաղաքակրթութեան, մշակոյթի, յառաջդիմութեան, մարդկութեան ու ճշմարտութեան թշնամի թրքական իշխանութիւններն ու անոնց դաշնակից-մեղսակիցները յաճախ առիթը կը գտնեն խեղաթիւրելու վերոյիշեալ փաստաթուղթերու նման տեղեկագիրներ, զորս կը կը վկայեն ոչ միայն հայուն՝ այլ մարդկութեան դէմ թուրքին գործած ոճիրներուն մասին: Մանաւանդ այն վաւերագրութիւնները, զորս իրենց [թուրքերու] մօտ կը գտնուին: Հայկական Բարգործական Ընդհանուր Միութեան Եգիպտոսի մասնաճիւղը տքնաջան աշխատանքով եւ անկարելին կարելի դարձնելով, աւելի քան տասը տարիներու լուռ աշխատանքով, յատուկ աշխատակազմի մը բծախնդիր հետազօտութեանց իբր արդիւնք, հաւաքած է սոյն արաբերէն վաւերագրութիւնները եւ զանոնք հրատարակած արաբերէնով՝ 14 հաստափոր հատորներու մէջ, որ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ յոյժ կարեւոր, շնորհակալ եւ շնորհաւորելի գործ մըն է:
Վարձքը կատար Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի այս հատորաշարքը գլուխ հանած բոլոր նախաձեռնողներուն ու աշխատողներուն: Այդ հին վաւերագրութիւնները ինքնաբերաբար ժամանակի գործօնին պատճառով փճանալու ընթացքի մէջ ըլլալով, անձնուրաց ու նուիրեալ հայերու եւ արաբներու կարողականութեամբ եւ կամքով, մամուլի մութ անկիւններէն` ծծումբի փոշիներուն տակէն հաւաքելով եւ լոյսին բերելով այս փաստաթուղթերը, կարելի դարձած է Թուրքիան եւ թուրք պաշտօնատարներու անմարդկային գործունէութիւնը քօղազերծող ու դատապարտող թանկագին այս տեղեկագիր-վաւերագրութիւնները առաջին անգամ ըլլալով լոյսին տալ, յանցագործ կողմը իր ժառանգներով դատապարտեալի աթոռին վրայ նստեցնելու: