Յարութիւն Իսկահատեան- ՊԱՅՔԱՐ 98
1918-ի սկիզբը, թրքական մասնաւոր կազմակերպութեան՝ Թաշքիլաթի Մահսուսէի (Օսմանեան Կառավարական Մասնայատուկ Ոյժեր հիմնուած Էնվեր փաշայի կողմէ 1913-ին: Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ այս կազմակերպութեան մասին կարելի է գտնել հետեւեալ համացանցային կայքին մէջ.- https://en.wikipedia.org/wiki/Special_Organization_(Ottoman_Empire)) մեծաւորը՝ Ազիզ պէյ, որ նախապէս Ներքին Գործոց նախարարի պաշտօնը վարած էր, Հայասպանութեան վերաբերեալ բոլոր փաստարկները արխիւներէն դուրս հանելով անհետացուց: Աւելին՝ թրքական կառավարութիւնը 1918-ի Հոկտեմբերին Թուրքիան մեղադրող բոլոր փաստարկները եւ մանաւանդ գաղտնի ժողովներու արձանագրութիւնները իր արխիւներէն վերցուց:
Հայկազ Ղազարեան 1919-ի սկիզբը տիրացած էր վերոյիշեալ տեղեկութիւններուն, երբ ան Կ. Պոլսոյ մէջ իբրեւ պաշտօնեայ կ’աշխատէր Բրիտանական ոյժերու գրասենեակը: Ղազարեանի ուսումնասիրութիւնը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կազմակերպող Իթթիհատի Ժողովներուն Արձանագրութիւնները» վերնագրեալ հրատարակուած է համացանցի վրայ https://catalog.hathitrust.org/Record/009929150 կայքով:
Այդ կորսուած վաւերագրական տեղեկագրութիւններուն մէջ կային նաեւ թրքական կառավարութեան նախարարներուն եւ երկրին զանազան շրջաններու կառավարիչներու, նահանգապետերու եւ գաւառապետերու միջեւ փոխանակուած գաղտնի նամակագրութիւններն ու հեռագրային նիւթերը: Ասոնց կողքին երեւան կու գայ թէ վերցուած տեղեկագրութիւններուն մէջ կային գաղտնի ծածկագրերով հաղորդակցութիւններ զանազան թուրք նախարարներու եւ պատասխանատուներու միջեւ: Աւելի ուշ գտնուած վաւերագիրներէն յայտնի կը դառնայ նաեւ թէ Թալաաթ ուղղակի հրամաններ արձակած էր նահանգապետերուն եւ միւս պատասխանատուներուն գործակցելու համար Թաշքիլաթի Մահսուսէ կազմակերպութեան պատուիրակներուն հետ հայերը կոտորելու գործին մէջ: Այդ հրահանգներուն առաջինները կ’ընդգրկէին Իզմիթի, Պալըքէսէրի, Պուրսայի եւ Սամսոնի շրջանները ու թուագրուած էին 1914-ի Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներով:
Թրքական կառավարութիւնը քօղարկելու համար իր գործած եւ գործելիք ոճիրները, Ա. Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբը սկսաւ մէջտեղ նետել նոր հրատարակութիւններ, որոնք սուտերու կոյտերէն բացի ոչինչ ունէին: Թուրք նախարարներն ու երեսփոխանները զմայլած էին մի ոմն՝ ծագումով հրեայ լեհ խաբեբայ կերպար՝ Ալֆրէտ Ռուստէմի զեղծարարական «կարողութիւններ»ուն վրայ եւ զայն անմիջապէս գործի լծած էին: Ալֆրէտ Ռուստէմ թրքուհիի մը հետ ամուսնացած էր եւ «ճարպիկօրէն» անունը փոխելով դարձած էր Ահմէտ Ռուստէմ: Թրքական կառավարութիւնը 1910-ին զայն գործուղղած էր Ա. Մ. Ն. իբրեւ Թուրքիոյ դեսպան: 1915-1916 թուականներուն Ռուստէմ շահագործելով իր դիւանագիտական պաշտօնը ամերիկեան մամուլին մէջ Հայասպանութիւնը ուրացող սուտեր զետեղած էր: Ուստի «Ամերիկեան պետական գրասենեակը զայն կանչելով հարցազրոյցի մը, որուն ընթացքին առանց բառ մը ըսելու զայն վտարած էր երկրէն», կ’ըսէ Հայկազ Ղազարեան: Անոր վտարման իսկական պատճառը այն էր թէ այդ օրերուն Ամերիկայի մէջ Հայասպանութեան նկատմամբ կը տիրէր իսկական համակրանք, ի տարբերութիւն այսօրուան ամերիկեան վարչամեքենայի մաքիավելական «ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» յաճախ կրկնուող յանկերգին, որ զանազան խաղերով կը զլանայ պաշտօնապէս ճանչնալ Հայասպանութեան փաստը:
Հայկազ Ղազարեան իր վերոնշեալ աշխատութեան մէջ կը նշէ, որ թուրքերը այն ատեն շարք մը սուտ գիրքեր հրատարակեցին իրենց ոճիրները արդարացնելու համար: Ասոնցմէ առաջինը՝ վերնագրուած «Հայ Կուսակցութիւններու Յեղափոխական Շարժումները Սահմանադրութեան Վերահռչակումէն Առաջ Եւ Վերջ», 1916-ին հրատարակուած է թրքական կառավարական հրատարակչատունէն (Մաթպաայի Ամիրէ): «Թուրք-Հայկական Հարցը» («La Questionne Turco-Armenienne») խորագրեալ Ալֆրէտ Ռուստէմի հեղինակած գիրքը, որ լոյս տեսաւ 1918-ին Պեռնի (Զուիցերիա) մէջ ֆրանսերէն լեզուով, լրիւ սուտերու կոյտ մըն է: Այս գիրքին մէջ կ’երեւան վերնագիրներ ինչպէս «Հայերը անհաւատարիմ էին», «Հայերը զէնքեր եւ զինամթերք կը պահէին», «Հայերը ռումբեր ունէին», «Հայերը բռնագաղթուած էին ռազմական ապահովական պատճառներով» եւ նման սուտեր, ամբողջովին անտեսելով այն իրականութիւնը թէ կանուխէն՝ 1914-ի աշնան, թուրքերը շահագործելով Ա. Համաշխարհային Պատերազմը, սկսած էին կոտորել եւ բռնագաղթեցնել հայերը:
Ռուստէմէն ետք, Հալիտէ Էտիպ հանըմ կոչեցեալ թրքուհի մը հրապարակ իջաւ 1928-ին, եւ անգլերէն լեզուով հրատարակեց իր յուշերը երկու հատորներով, որոնք ընթերցողը զզուեցնող նոյն սուտերու կրկնութիւնն էին:
Նախկին թուրք ոստիկանապետ մը Ասատ Ուրաս անունով, Անգարայի մէջ 1950-ին լատինատառ թրքերէնով 785 էջնոց հատոր մը հրատարակեց իր յուշերուն: Այս ոչ-գիտական գիրքը լեցուն էր սխալ ու սուտ վիճակագրութիւններով, արտաքուստ անկողմնակալ, սակայն հայոց նկատմամբ զրպարտութիւններով լեցուն նախորդ գիրքերուն նման, որ հայը կը դարձնէր ոճրապարտը եւ թուրքը՝ անմեղ զոհը:
Պատմագրութեան մէջ փաստարկները կ’ամրապնդուին թուականներու յիշատակումով: Վերոյիշեալ թրքական հրատարակութիւններուն մէջ թուականի հասկացողութիւնը բոլորովին բացակայ է, ճշմարտութեան շուրջ մշուշոտ մթնոլորտ մը ստեղծելու եւ միտքերը շփոթեցնելու նպատակաւ: Հայկազ Ղազարեան կ’ըսէ թէ ինք բարեբախտաբար միջոցները ունեցած է մատչելի դարձնելու համար թրքական պաշտօնական վաւերագրութիւնները, որոնք թուականներով օժտուած են եւ կը դիւրացնեն ճշմարտութիւնը հաստատելու գործընթացը ու կը փաստեն թէ հայոց կոտորածները թրքական կառավարութեան նախապէս մտածած ծրագիրի մը գործադրութիւնն են:
Վանի ըմբոստութեան աւարտին, հայոց յաղթանակով՝ կուսակալ Ճեւտէթ պէյ (Էնվեր փաշայի աներորդին) փախուստի դիմած էր: Ուստի Իթթիհատ կուսակցութիւնը ժողով մը գումարած էր եւ գաղտնի որոշումներ տուած հայերը ամենուրէք բնաջնջելու համար: Որոշում տրուած էր չխնայել ոչ մէկ հայու, նոյնիսկ երեխաներն ու կիները սպաննելու: Այս որոշումը գործադրութեան մէջ դնելու համար թուրքերը բանտարկուած արիւնարբու թուրք ոճրագործները բանտէն արձակելով միացուցած էին Թաշքիլաթի Մահսուսէ կազմակերպութեան, որուն առաջնորդութիւնը վստահուած էր բժիկներ տոքթ. Նազըմի, տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրի եւ կրթական նախարար Շիւքրիի:
Ամէն պարագայի տակ, ըստ Հայկազ Ղազարեանի 1918-ի Թրքական Պատերազմական Ատեանի մէջ երեւան եկած հրամանագիրներու արձանագրութիւնները կը հաստատեն թէ թուրքերը վերակազմակերպած ու գործի լծած են Թաշքիլաթի Մահսուսէ կազմեկերպութիւնը 1914-ի Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն, նախքան Վանի ըմբոստութիւնը: Աւելին՝ 1914-ի 11 Հոկտեմբերին կառավարութիւնը Ճիհատի հրամանագիրը տուած է: Այդ հրամանգիրը յստակօրէն քրիստոնեաներու եւ մանաւանդ հայոց բնաջնջումը կը հրամայէր Թուրքիոյ իսլամներուն: Այդ մէկը իսլամներուն պարտադրուած կրօնական պարտականութիւն մըն էր, որ զԱստուած կը հաճոյացնէր, ըստ թուրք վերնախաւին, որ մերժուեցաւ իսլամ բարձրաստիճան կրօնաւորներու կողմէ: Ըստ այդ հրամանագրին, իւրաքանչիւր իսլամ մարդ պարտաւոր էր գաղտնի կամ յայտնի 3-4 քրիստոնեայ սպաննել, ինչ որ իսլամութիւնը կտրականապէս կը մերժէ:
Հայկազ Ղազարեանի սոյն աշխատութեան ուրուագիծին ծանօթանալով անգամ մը եւս կը փաստուի՝ թրքական բարձրագոյն շրջանակներու կողմէ Հայասպանութեան ծրագրաւորուած ըլլալը եւ թրքական ուրացման խոր արմատներ ունենալը, որ տակաւին կը շարունակուի այս տեղեկատուական լայն հորիզոններ ունեցող դարուն, եւ որ չի կրնար երկար դիմանալ: