ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քաղելով լուրը վարչպետ Փաշինեանի «Ֆէյսպուք»ի էջէն, «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ Հայաստան ընտրուած է ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի անդամ, 193 երկիրներու քուէարկութեամբ ստանալով 144 ձայն:
«Սա մեր երկրի նկատմամբ միջազգային հանրութեան շատ մեծ վստահութեան վկայութիւնն է, յատկապէս մարդու իրաւունքների պաշպանութեան հարցում: Շնորհաւորում եմ բոլորիս», գնահատելով կատարուած ընտրութիւնը՝ գրած է Փաշինեան:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նշած է, որ Հայաստան յանձնառու է աշխատելու եւ համագործակցելու բոլոր գործընկերներուն հետ՝ մարդկային իրաւանց օրակարգին մղում տալու համար: