ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու հրասայլի եւ հրաձգային ստորաբաժանումները Ռուսիոյ մէջ, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Պելոռուսի, Իրանի, Մեանմարի, Փաքիստանի եւ այլ երկիրներու հետ պիտի մասնակցին «Կովկաս-2020» միացեալ զօրավարժութիւններուն: «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
«Հայաստանը մասնակցելու է «Կովկաս-2020» զօրավարժութիւններին: Զօրավարժութեանը կը մասնակցեն Հայաստանի զինուած ուժերի տանկային եւ մոտոհրաձգային ստորաբաժանումները», յայտնեց Ստեփանեան:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարարութիւնը դիտել տուաւ, որ պիտի չմասնակցի 21էն 26 Սեպտեմբերին, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք զօրավարժութիւններուն: «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով զօրավարժութիւններուն պիտի չմասնակցի նաեւ Հնդկաստան:
Շուշան Ստեփանեան աւելցուց, որ Հոկտեմբերին ՀԱՊԿի ծիրին մէջ, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան «Փոխգործակցութիւն-2020» եւ «Որոնում-2020» հրամանատարական կազմերու զօրավարժութիւնները, որոնք փոխկապակցուած ծրագրային միջոցառումներ են: