Քննարկումներու ընթացքին իմ պաշտօնակիցիս տեղեկացուցած եմ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ Ազրպէյճանի ձեռնարկած քայլերուն մասին: ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` այս մասին Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Նախարարը ըսած է, թէ իր պաշտօնակիցը տեղեկացուցած է շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու բացման անհրաժեշտութեան, պետական սահմանի հաստատման աշխատանքային խումբի ստեղծման վերաբերեալ ազրպէյճանական կողմի առաջարկներուն մասին:
«Անոր տեղեկացուցած եմ Հայաստանին կատարուած խաղաղութեան համաձայնագիրի առաջարկին եւ այդ համաձայնագիրին վերաբերեալ մեր առաջարկներուն մասին: Վերջին օրերուն Հայաստանէն շարք մը մարդոց կողմէ դրական պատգամներ կը ստանանք: Ազրպէյճան բազմիցս յայտնած է այս հարցին մէջ իր դիրքորոշումը», ըսած է Պայրամով: