Հայաստանը առաջին անգամ ըլլաով պիտի մասնակցի «Երիտասարդ պարողներու Եւրոտեսիլին»: Այս մասին՝ ըստ news.am-ի՝ այսօր` Նոյեմբեր 23-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Եւրոտեսիլի հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեան:
Ան տեղի ունենայ Յունիսին Լեհաստանի մէջ: Իսկ մինչ այդ պիտի յայտարարուի ընտրական փուլ եւ պիտի փորձեն ընտրել լաւագոյն պարողը, որ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը: Մինչեւ Մարտ ամիսը յայտնի պիտի ըլլայ «Երիտասարդ պարողներու Եւրոտեսիլ»-ին՝ Հայաստանը ներկայացնող մասնակիցին անունը: Գոհար Գասպարեան տեղեկացուցած է, որ ատիկա դասական ձեւաչափի մրցոյթ է, հեռուստաքուէարկութիւն պիտի չըլլայ: Յաղթողը կ’որոշէ արհեստավարժ դատակազմը: Այս մրցոյթի պարագային պարտադիր կանոն է, որ ներկայացող մասնակիցը ունենայ դասական կրթութիւն: «Ան կրնայ հանդէս գալ ազատ ոճի մէջ, բայց դասական կրթութիւնը պարտադիր է»,- ըսած է Գոհար Գասպարեան: