ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի օր Հայաստանիը մեղադրեց սահմանազատման հարցով ատրպէյճանական աշխատանքային խումբին հետ համաձայնեցուած հանդիպումը խափանելու յանցանքով՝ պնդելով, որ ծրագրուած հանդիպումէն մէկ օր առաջ, 29 Ապրիլին, Հայաստան չեղեալ յայտարարեց նշեալ հանդիպումը:
«Աւելի ուշ, Հայաստան հրաժարուեցաւ 7 եւ 11 Մայիս միջեւ սահմանին նոր հանդիպում իրականացնելու ծրագիրէն», ըսաւ Ալիեւ, ըստ «Ինթըրֆաքս»ի ատրպէյճանական սպասարկութեան:
Ան նշեց, որ Պաքու Երեւանէն աշխատանքի մեկնարկի նոր թուական կը սպասէ՝ պնդելով, որ Հայաստանի կառավարութեան քայլերը վնաս կը հասցնեն «ձեռք բերուած որոշ վստահութիւնը»:
Ալիեւ աւելցուց, թէ Պաքու կը փափաքի խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել Հայաստանի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ «կարգաւորել յարաբերութիւնները եւ շրջել թշնամանքի էջը»:
Նշենք, որ Երեւանը քննադատող եւ խաղաղութեան մասին խօսող Պաքուն տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները: