ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստան ներառուեցաւ Եւրոպական միութեան համաճարակին դիմաց անվտանգ 11 երկիրներու շարքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ SchengenVisaInfo.com-ը:
«Յաւելեալ 11 երկիրներու բնակիչներ պիտի օգտուին Եւրոպական Միութիւն եւ Շէնկենեան գօտիի անդամ պետութիւններ առանց սահմանափակումներու մուտքէն: Եւրոպական Միութեան խորհուրդը այս երկիրները կ՛աւելցնէ համաճարակին դիմաց անվտանգ երրորդ երկիրներու ցանկին վրայ:
Որոշումը տրուեցաւ 30 Յունիսին, Եւրոպական Միութեան դեսպաններու հերթական հանդիպման ընթացքին։
Այս կը նշանակէ, որ հայաստանաբնակները կրնան առանց որեւէ խոչընդոտի մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն եւ շէնկենեան անդամ երկիրները: