ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին հանդիպեցաւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութիւնը կը փոխանցէ, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան Լեւոն Մնացականեանին փոխանցեց պատգամաւորներուն եւ աշխատակազմին կողմէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրուող տասը միլիոն դրամի հաւաստագիրը:
Վահրամ Բաղդասարեան յայտնեց, որ Ազգային ժողովը իր աշխատակազմով՝ տնտեսական աշխատակիցէն մինչեւ Ազգային ժողովի նախագահ, իրենց ներդրումը ունեցան այս հարցով:
Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը, շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրատւութեան համար՝ ըսաւ, որ գումարը պիտի ուղղուի Պաշտպանութեան բանակի եւ զինծառայողներու շարք մը հարցերու լուծման: