10 ապրիլին Հայաստանի խորհրդարանը քննարկեց Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին հարցը: Երէկ Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ` 95 ձայնով, կողմ քուէարկեց համաձայնագիրին:
Յիշեցնենք, որ փաստաթուղթը կը կանոնակարգէ երկկողմանի քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական յարաբերութիւնները, կը խրախուսէ անոնց շարունակականութիւնը: Այդտեղ կը խօսուի Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան ընդհանուր սկզբունքներու, կազմակերպուած յանցագործութեան ու փտածութեան դէմ պայքարի, ուժանիւթի եւ փոխադրութեան, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան սկզբունքներու եւ ծրագիրներու մասին:
Առանձին եւ յստակ մաս յատկացուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ համապարփակ լուծման հարցին. համաձայնագիրը կը վերահաստատէ Եւրոպական Միութեան յայտարարուած յանձնառութիւնը` աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հանգուցալուծման ջանքերուն եւ մօտեցումներուն` հիմնուած միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու, յատկապէս` ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի եւ իրաւահաւասարութեան, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն վրայ: Համաձայնագիրով նաեւ կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համապատասխանեցում Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան:
Կը նախատեսուի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն հետ ստեղծել խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէ, որ պիտի գործէ նոր ձեւաչափով եւ պիտի ունենայ ենթակոմիտէներ: Հայկական կողմը կ՛ակնկալէ, որ մօտերս Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին տրամադրուի մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման մեկնարկի գործողութեան ծրագիրը: