Երկիրը իր մէջ կþընդգրկէ հող հասկացութիւնը, որ գերագոյն արժէքն է ժողովուրդի մը կեանքին համար: Ազգային այդ անփոխարինելի արժէքին համար, կամ անոր պահպանման համար ժողովուրդ մը որքան արիւն կը թափէ, հողը արիւնով կը ներկէ: Հող ու արիւն կը միախառնուին: Հողը կը սրբանայ նոյն հողի զաւակներու աչքին եւ հոգիին: Որպէս աչքին լոյսը եւ հոգիին մէկ բեկորը հայ ժողովուրդը հազարամեակներու պատմութիւն կերտած է լուսաւոր թէ տխրայուշ էջերով…: Պատմութիւնը վկայ, որ հող հայրենին իր վերիվայրումներով, փոթորկայոյզ կամ բախտորոշ իրադարձութիւններով, լինել-չլինելու գոյակռիւներով թէ յաղթանակներով մնացած է կանգուն:
Սարդարապատի հերոսամարտով եւ Մայիսեան հանրապետութեան կերտումով կը սկսի ժամանակակից մեր պատմութեան էջը£ Դարեր շարունակ մեր կորսնցուցած պետականութեան հիմնաքարերը նետուեցան 1918 Մայիս 28-ին, ինչ գոյն ալ ունեցան անոր հիմնադիրները, որո՛նցմէ ալ բաղկացան իրերայաջորդ կառավարութեան անձնակազմերը…: Պատմութեան արձանագրած ճշմարտութիւնը այն է, որ հողը ազատագրուեցաւ եւ իր անկախութեան ճանաչումով ազգերու ընտանիքին մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւեց ազգային դրօշով եւ պետականութեան խորհրդանիշով: Նոյնիսկ, եթէ հանրապետութեան վարիչներուն կողմէ կողմնորոշման եւ քաղաքական արեւելումի սխալներ ալ թոյլատրուեցան, սակայն, երկիրը որպէս հողային տարածք աշխարհաքաղաքական իմացութիւն ստացաւ…:
Շրջանային պատմա-քաղաքական յեղաշրջումներու բերումով Հայաստան կորսնցուց անկախութիւնը եւ ընդունեց խորհրդային վարչաձեւը£ Խորքով միջազգային իր վարդապետութեան հիմունքներով վարչաձեւը ազգային հարցերու եւ երեւոյթներու նկատմամբ սահմանափակումներ ունեցաւ, բայց անուրանալիօրէն Երկիրը զարգացաւ կեանքի տարբեր եւ այլազան բնագաւառներէն ներս: Ծաղկումին առընթեր երկիրը խոցուեցաւ իր ընտիր զաւակներուն կորուստով Սեւ Մարդոց չարագոյն արարքներով…: Հայրենի հողին սրբութիւնն ու նուիրականութիւնը անխաթար պահեց հայրենաբնակ հայութիւնը չզիջելով անոր պաշտպանութեան դիրքերէն: Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին մասնակցութեամբ Հայաստանին տուած արեան տուրքը եթէ մէկ կողմէ ստիպողական պայմաններու հրամայականն էր, միւս կողմէ հայրենական պատերազմի սրբազան խորհուրդը զգեցաւ ֆաշիստական Գերմանիոյ յաղթանակը խափանելով թրքական բռնագրաւման հաւանական արշաւի մը առաջքը առնելու տեսակէտով:
Հայաստանի խորհրդային Բ. հանրապետութեան հանրագումարը իր սեւով եւ ճերմակով Հայոց Երկրի 70-ամեայ վերածնունդով եւ ապահով գոյերթով կը յատկանշուի:
Որեւէ երկրի եւ ժողովուրդի ազգային երազանքը կը կազմէ Անկախութիւնը: 1991 Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստան տիրացաւ իր անկախութեան բարեբախտաբար առանց արիւնահեղութեան: Խորհրդային Միութեան փլուզումով անկախութիւն հռչակած երկիրներու շարքին գտնուեցաւ նաեւ Հայաստան համընդհանուր խանդավառութեան ալեկոծումներով…: Եթէ Հայաստանի հողին վրայ հայ ժողովուրդը իր այժմու անկախութեան ձեռք բերման համար արիւն չթափեց, բայց արիւնով եւ նոր քաջամարտիկներու հերոսութեամբ ազատագրեց Լեռնային Ղարաբաղը, որ անարդար տնօրինումով Հայաստանէն խլուած էր,- ինչպէս ուրիշ հողատարածքներ զաւթուած կը մնան,- եւ կցուած Ատրպէյճանին: Ղարաբաղի ազատագրութեամբ աշխարհագրականօրէն եւ պատմականօրէն Հայաստանին մաս կազմած հողային իրաւունք մը կը շահուէր£ Անկախութեան շրջանի փոքր յաղթանակներէն չէր Ղարաբաղի ազատագրութիւնը Հայաստան-Ղարաբաղ միասնութեամբ եւ Սփիւռքի բարոյական-նիւթական թիկունքով…: Լեռնային Ղարաբաղը,- հետագային Հայաստանին միանալու նպատակով,- կը մնայ հայկական Բ. անկախ հանրապետութիւնը իր պետական կառոյցներով, առանձին նախագահով եւ կառավարութեամբ:
Հայաստան իր անկախութեամբ, որպէս անկախ երկիր եւ ուրոյն ազգային միաւոր, կրկին ընդգրկուեցաւ Միացեալ Ազգերու միջազգային կառոյցէն ներս իր հայկական եռագոյն դրօշակին պանծալի ծածանումով: Արտաքին աշխարհին հետ իր յարաբերութիւնները մշակեց ազատ որոշումներով եւ ինքնիշխան քաղաքականութեամբ: Որքա՜ն ալ այդ քաղաքականութիւնը կրեց շրջանային մեծապետական կամ փոքր պետութիւններու անխուսափելի ազդեցութիւնները…: Իր անկախ եւ ազգային պետական կառոյցով Հայաստան չի կրնար մեկուսացած ապրիլ,- իր լեռնակղզիի դիրքով,- աշխարհէն եւ իր դրացիներէն: Սահմանները փակ մնալու գնով երկու թշնամի պետութիւններէ,- Ատրպէյճան, Թուրքիա,- Հայաստան հեռու պիտի մնայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն, այնքան ատեն որ առաջինը Ղարաբաղի հարցով չի դադրիր իր ռազմական հակամարտութեան մտադրութենէն, երկրորդը չ’ընդունիր հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան հեղինակը եղած ըլլալու պատմական ճշմարտութիւնը եւ բռնագրաւուած կը պահէ Արեւմտեան Հայաստանը: Անկախութեան բարիքներէն աշխարհին բացուելու անկաշկանդութիւնը կը ծառայէ ու պիտի ծառայէ հայոց երկրին տնտեսական, մշակութային, գիտական ոլորտներու զարգացման: Արտաքին յարաբերութիւններու զարգացումով հայ դիւանագիտական միտքը միջազգային ոլորտներու մէջ թեւածելով նոր փորձառութիւններու բովէն կþանցնի նոյնիսկ եթէ մոլորանքներ ալ կ’արձանագրէ: Ո՛ր մեծ ու փոքր երկիրներու դիւանագէտները մեծ ու փոքր սխալներ չեն գործած ու չեն գործեր…: Փաստը կը մնայ այն, որ անկախ Հայաստանի դիւանագիտական միտքը կը զարգանայ: Կը մնայ, որ անկախութիւնը չչարաշահուի եւ ամէն այլանդակ նորաձեւութիւն ներմուծուելով ազատ մուտքի թոյլտուութիւն չունենայ ապազգային եւ անբարոյ բարքերու ցուցահանդէսի վերածելով դրախտավայր Հայաստանը…: Մասնաւորաբար մտահոգիչ տարողութիւն սկսած է ունենալ աղանդներու բազմացումը եւ որեւէ հակակշիռէ զերծ մոլեռանդական գործունէութիւնը մարդկային իրաւունքներու գործադրութեան այսպէս կոչուած ազատախոհութեա՜մբ…: Աւարներ յափշտակելու եւ աւերներ գործելու եպերելի ընթացքով:
Դեմոկրատական ազատութիւնը որեւէ անկախ երկրի առաւելութիւններէն է…: Այդ առաւելութենէն չափազանցօրէն օգտուելու պարարտ հող գտան Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիները: Բազմակարծութեան եւ բազմակուսակցականութեան հայեցակարգով աւանդական կուսակցութիւններու առընթեր ծնունդ առին իրերանման կամ իրարմէ քիչ տարբերող ուղեգիծ-ծրագրով ազգային-քաղաքական հոսանքներ ծայրայեղ աջէն մինչեւ ծայրայեղ ձախը…: Անոնցմէ ոմանք ժողովրդական եւ մտաւորական հիմք չունենալով հրապարակէն անհետացան…: Բայց հողը այնքան բարեբեր է, որ նորեր կը բուսնին…£ Ամբողջատիրական վարչակարգէ ետքի երեւոյթ կը թուի ըլլալ իրար ետեւէ յայտնուող կուսակցութիւններու քանակը…£ Դեմոկրատական ազատութիւնը,- խօսքի եւ մտածումի որպէս ազատ արտայայտութիւն,- պահելով հանդերձ, սահմաններ յարգելու չափն ալ չանտեսուի…: Մանաւանդ չօգտագործուին պետական կուսակցութեան հանգամանքն ու առատօրէն բաշխուող մենաշնորհները£ Հայաստանի քաղաքացին,- կուսակցական ըլլայ կամ ոչ,- արժանաւորութեան կարգով կամ կարողութիւններու ճշմարիտ գնահատութեամբ վարձատրուի:
Անկախութեան յայտանիշներէն են ժողովրդավարական կառավարաձեւի կիրարկումը եւ ժողովրդավարութեան համար ի գործ դրուած ջանքերը պետական մակարդակի վրայ£ Հայաստան անկախութեան շրջանին սկզբունքով ժողովրդավարական ըլլալով հանդերձ կը կարօտի անոր խորքային գործադրութեան յատկապէս բռնարարքներու դադրեցումով, արդար եւ օրինաւոր ընտրութիւններու կայացումով£ Միջազգային ընտանիքը իր չափանիշներուն համապատասխան գտնէ եւ գնահատէ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը անկախութեան լիարժէք հասկացողութեամբ£
Անկախութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ երկիր ղեկավարելը իր անմիջական սեւեռակէտէն հեռու չի պահեր ժողովուրդին տնտեսա-ընկերային պայմանները£ Անկախութեան շրջանին ժողովուրդը աղքատացաւ£ Կարծուեցաւ թէ անկախութիւնը աղքատութիւն բերաւ£ Մինչդեռ տնտեսա-ընկերային դրութեան,- ազատ շուկայական կարգ ու սարքով,- սանձարձակ օգտագործումով ծայրայեղ հարստացողներու եւ ծայրայեղ աղքատացողներու բեւեռացումներ յառաջացուց£ Այս բերումով ալ հայրենաքանդ արտագաղթը լայն համեմատութիւններ ստացաւ£ Եւ համալսարանաւարտ երիտասարդութեան աչքերը յառեցան արտասահմանեան երկիրներ իրենց ասպարէզներուն յատուկ աշխատանքներ չգտնելով£ Հայրենասիրութիւնն ու սեփական երկրի հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը նահանջեցին եւ հողին վրայ հողէն օտարացումը գետին շահեցաւ£ Գիւղատնտեսութեան զարգացման նկատմամբ անհրաժեշտ վերաբերումի պակասը գիւղերը կը պարպէ իր բնօրրանի բնակիչներէն, որոնք կþուղորդուին Երեւան կամ արտասահման£ Այս երեւոյթները պատճառ պէտք չէ ըլլան, որ անտեսուին գաղափարապաշտ եւ հայրենասէր այն երիտասարդները, որոնք անկախութեան պետական մտածողութեամբ առաջնորդուելով քաղաքացիական տոկունութեամբ հայրենաշինութեան նուիրուած են£
Ուշ չէ, որ Հայաստանի անկախութեան պետական վարիչները ժողովուրդին ընդհանրութեան բարօրութեան հանդէպ ընկերային անդրադարձումով դադրին շահագործող փոքրամասնութեան շահերուն դարպասելէ եւ ընկերային արդարութիւնը հիմք ընդունին պետական սիսթեմին£
Անկախութեան ամրապնդումը կþապահովուի ճշմարիտ ժողովրդավարութեամբ եւ ընկերային արդարութեան կիրարկմամբ£
Ազգային բանակը, որ կազմուեցաւ անկախութեան տարիներուն եւ տարուէ տարի ամրացաւ, շարունակէ վայելել պետական հոգածութիւնը որպէս երաշխիք հայրենիքի անկախութեան եւ անվտանգութեան£
Մտաւորականութեան յատուկ դեր վերապահուած է այս ուղղութեամբ£ Մտաւորականութիւնը ամէն երկինքի տակ ժողովուրդի խղճմտանքին ձայնը եղած է ընկերային արդարութեան պահանջատիրութեամբ£ Ստեղծագործ մտաւորականութեան կենսապայմաններն ալ փոխուեցան£ Խ. Հայաստանի մէջ հեղինակի իրաւունքով լաւ եւ երբեմն հարուստ ապրող գրողները խեղճացան£ Միայն իրենց ստեղծագործութիւններով եւ աշխատասիրութիւններով ապրող մտաւորական դասը այսօրուան դրութեամբ իր գրականութեամբ չի կրնար ապրուստը ապահովել, այլª աշխատանքային տարբեր ասպարէզներու ալ ծառայելու է£
Անկախութենէն քսան տարիներ ետք սթափած ըլլալու է հայրենի մտաւորականութիւնը մէկ դրութենէն միւսին անցումով£ Անկախութեան ընձեռած ազատ ստեղծագործութեան եւ գրաքննութենէ զերծ պայմաններէն օգտուելով հայրենի մտաւորականութենէն կþակնկալուի նուիրուիլ հայ մշակոյթի ծաղկումին, հայ պետականութեան ամրացման սատարէ ներգործելով քաղաքականութեան վրայ անոր ճիշդ հունը գտնելու ազգային գիտակցութեամբ£ Ընդդիմադիր դաշտի վրայ երեւիլն ու ըլլալը հայ մտաւորականին կոչումին համար անյարիր չէ դրական եւ շինարար դերակատարութեամբ£
Հայ մտաւորականութիւնը Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնումին եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար պայքարողի դերը վերստանձնելու է, ջանալով որ պետութիւն-ժողովուրդ հեռացումները չխորանան£ Անկէ լաւ բան չյուսացուիր£
Ժողովրդավարութիւնը իրաւունք կու տայ ընդդիմութեան գործունէութեան եւ պայքարի£ Քաղաքակրթուած երկիրներուն մէջ ընդդիմութիւնը յառաջդիմութեան մղիչ ուժն է, եթէ քանդիչ եւ կործանարար ուղղութիւն չէ առած£ Իշխանութիւն թէ ընդդիմութեան ուժեր ուրիշ շահերու եւ նպատակներու ծառայելու նկրտումներ պիտի չունենան, այլª անկախ պետականութեան հզօրացումը եւ բարգաւաճումը տեսլական ունենալով միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի իրականացման պիտի ձգտին£
Հայկական Սփիւռքը կարեւոր գործօն մըն է հայրենիքին զարգացման համար£ Այդպէս եղած է առաջին հանրապետութեան օրէն Բ. Խ. հանրապետութեան ամբողջ շրջանին£ Այդպէս է նաեւ անկախութեան շրջանին£ Բայց այսօր Հայաստանէն դուրս ապրող 7 միոն հայութեան հայապահպանութիւնն ու ազգային ճակատագիրը մտահոգութեան առարկայ են£ Այդ մտահոգութեան ծնունդ էր անկախ պետական Հայաստանի կողմէ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը, որ իր որոշ դրական նախաձեռնութիւններով կþօգնէ հայապահպանութեան ճիգերուն, սփիւռքահայ մանուկներն ու պատանիները իրենց արմատներուն հետ հաղորդակցութեան դնող ձեռնարկներով£ Կը մնայ, որ անոնք չխաչաձեւուին սփիւռքահայ եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային կառոյցներու առած քայլերուն հետ£
20-ամեայ անկախութեան ներկայ հանգրոանի առաջադրանքը պիտի ըլլայ պետականութեան զօրացումը, ժողովուրդի ընդհանրութեան բարօրութիւնը ազգային օճախի շուրջ համախմբուածութիւնը եւ հողային դատի հետապնդումը հայկական բոլոր ուժերու գործակցութեամբ£
ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
20 Օգոստոս, 2011
www.araraddailynews.com