Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը թրքական լրատուամիջոցներուն յայտնած է, որ հայ եւ թուրք բանագնացներու յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի սեպտեմբերին: Մինչդեռ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ հաստատած այս տեղեկութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այս պահու դրութեամբ հանդիպումի վերաբերեալ որեւէ պայմանաւորուածութիւն չկայ: Վահան Յունանեանի համաձայն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու լուծման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներու մասին Երեւանը հանրութեան պատշաճ ժամկէտներու մէջ, նախօրօք պիտի տեղեկացնէ:
Թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտը, որ ուզած է անանուն մնալ, բաւական ծաւալուն հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին առնչուող տարբեր հարցերու շուրջ: Ըստ անոր, Անգարա կը պնդէ, որ բանագնացներու յաջորդ բանակցութիւնները արդէն ոչ թէ երրորդ երկիրներու մէջ, այլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ պէտք է կազմակերպել, բայց անոր համար շարք մը յստակ քայլերու պէտք է ձեռնարկել: «Թուրքիան եւ Հայաստանը թշնամիներ չեն, եւ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները հանգիստ կրնան երթալ-գալ», շեշտած է բարձրաստիճան դիւանագէտը: