Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր պիտի կայանայ Հայաստանի,Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղտալեան յայտնեց, թէ Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներուՆ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին անյապաղ զինադադար յայտարարելու, մարդասիրական նպատակներով դիակներու եւ գերիներու փոխանակման հարցերը: