Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան շրջանին կազմակերպութեամբ, Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ, Մայիս 11 եւ 12, 2018-ին տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին մասնագէտ նշանաւոր փրոֆէսըրներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած այս գիտաժողովը կը հովանաւորեն «Քոլոմպիա» համալսարանի հայկական ամպիոնը, Հայկական նիւթերու ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան ազգային հիմնարկը (NAASR) եւ «Արմինիըն Ռիվիու» (Armenian Review) շաբաթերթը:
Այս գիտաժողովին պիտի մասնակցին Լոս Անճելըսէն՝ փրոֆէսըր Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Ֆրանսայէն՝ փրոֆէսըրներ Անահիտ Տէր Միանասեան եւ Քլեր Մուրատեան, Հայաստանէն՝ փրոֆէսըր Աշոտ Մելքոնեան, Պէյրութէն՝ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, ինչպէս նաեւ կարգ մը ուրիշ հանրածանօթ մտաւորականներ եւ հայագէտներ:
Ըստ գիտաժողովի ատենապետ Անդրանիկ Գասպարեանի՝ բացման նիստը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ երեկոյեան, մասնակցութեամբ բոլոր դասախօսներուն, «Առաջին Հանրապետութիւնը հարիւր տարի ետք» նիւթով: Շաբաթ օրը տեղի պիտի ունենան զանազան նիստեր հայերէնով եւ անգլերէնով:
Շաբաթ օրուան կէսօրուան նիստին, փրոֆ. Յովհաննէսեանի դասախօսութեան նիւթն է՝ «Յիսնամեայ գիտական ուսումնասիրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան մասին»: Նշենք, թէ այս գիտաժողովը մաս կը կազմէ 2018-ին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունենալիք Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: