ՊԱՅՔԱՐ 142 -Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
Գահիրէի Հ. Բ. Ը, Մ.-ի հրատարակութեանց լոյսին տակ- 3
19-րդ դարու երկրորդ կէսին Օսմանեան Պետութեան արեւելեան շրջաններու հայ բնակչութեան համար անհրաժեշտ դարձաւ բարեկարգումներ պահանջել, ազատելու համար թրքական, քրտական ու չէրքէզական ամէն տեսակի հալածանքներէ: Անշուշտ անկախութեան ձգտումը կար, սակայն հայոց պահանջքը մնաց բարենորոգումներու ծիրին մէջ՝ անախորժ դէպքերէ եւ ոճրային հակազդեցութենէ հեռու մնալու համար, որովհետեւ պայմանները այդ մէկը չէին ներեր: Այդ ժամանակ բարեկարգումներն էին Հայաստանի արեւմտեան հատուածի հայոց ցանկութեան հեռանկարը:
Ռուսերը իրենց սեփական շահերէն մեկնելով նպատակ ունէին գրաւել Օսմանեան Պետութեան արեւելեան նահանգները կամ Հայաստանի արեւմտեան հատուածը եւ անոր բարիքներէն օգտուիլ: Իր նպատակին հասնելու համար Ռուսիա յաճախ կ’արծարծէր Հայաստանի մէջ բարենորոգումներու հարցը: Ինչպէս նախապէս յիշած ենք Մեծն Բրիտանիա կը ջանար իր ազդեցիկ յարաբերութիւնը պահել եւ զարգացնել Օսմանեան Պետութեան հետ, կրկին ելլելով իր սեփական շահերէն: Անոր համար ռուսական որեւէ միջամտութիւն Օսմանեան Պետութեան սահմաններէն ներս վտանգ մըն էր իրեն: Այս պատճառաւ Անգլիա ռուսերուն առջեւ Հայաստանը գրաւելու որեւէ պատճառ կամ պատրուակ չքացնել փորձելով՝ հետամուտ դարձած էր Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ իրագործելու: Ֆրանսա նոյնպէս հետամուտ էր իր սեփական շահերը ապահովելու համար հայկական նահանգներուն մէջ բարեկարգումներ մտցնել տալ օսմանեան կառավարութեան: Իսկ Գերմանիա ժխտական մութ նպատակներ կը հետապնդէր հայոց նկատմամբ: Անոր կեցուածքը նոյնութեամբ օսմանեան կեցուածքն էր, այսինքն՝ ժամանակ անցնել եւ ոչ մէկ բարեկարգում իրագործել ի նպաստ հայոց: Ան միշտ կ’ուզէր հայութիւնը Օսմանեան Պետութեան ենթակայ տեսնել: Այս էր պատճառը որ հետագային ան օսմանցիներու հետ մեղսակցելով հայութիւնը բնաջնջելու փորձ կատարեց՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի Ոճիրը գործելով:
Հայաստանի վեց նահանգներու՝ Կարին, Վան, Բաղէշ, Տիգրանակերտ, Խարբերդ եւ Սեբաստիա բարեկարգումներու մասին արաբերէն շահեկան զանազան յօդուածներ կը գտնենք 1880-ականներու եգիպտական թերթերու մէջ, հաւաքուած Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի հրատարակած «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» խորագիրով՝ 14 հաւաքածոներէ բաղկացած հատորաշարքի «Միջազգայնացում Եւ Բարենորոգումներ 1876-1893» խորագիրը կրող արաբերէն Ա. Հատորին մէջ (Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Սաթենիկ Չաքըր Ֆոնտի հրատ., Գահիրէ, 2015, 550 էջ):
10 Յունիս 1880 թուագրեալ եգիպտական «Ալ-Ահրամ» օրաթերթի թիւ 201-ի «Հայկական Հարցը» վերնագրեալ յօդուածէն կը տեղեկանանք, թէ եւրոպական երկիրները յանձնարարած են թրքամէտ անգլիացի զինուորական Պաքիր փաշայի (Վալընթայն Պէյքըր, 1827 –1887) որ շրջագայի Հայաստանի վեց նահանգները եւ իր տեսածներն ու լսածները տեղեկագրէ Լոնտոն եւ Բարձր Դուռ: Ասոր մասին յօդուածագիրը կ’ըսէ. «Ո՞վ անգիտակ է այս երկրին [Հայաստանի- Յ. Ի.] վատ վիճակին մասին: Ո՞վ չի գիտեր հայոց նեղութիւններուն մասին եւ թէ ի՞նչ հարուած կը ստանայ հայը անօթութեան ու չքաւորութեան պատճառով, որ ամբողջ Եւրոպան շարժեց դէմ կանգնելու Օսմանեան Պետութեան եւ անկէ պահանջելու բարեկարգումներու նկատմամբ իր խոստումը յարգել: Օսմանեան Պետութիւնը կը խորհի թէ Անգլիա կ’ուզէ թուրքերու իրաւունքներն ու անկախութիւնը խլել եւ իրենց գերիշխանութեան վնասել Ասիոյ [նկատի ունի Հայաստանի արեւմտեան հատուածը- Յ. Ի.]մէջ: Անգլիոյ կողմէ նման վարմունք հաստատուած է Կիպրոսի հարցով 4 Յունիս 1878-ի դաշնագրով» (էջ 104): Ան Մեծն Բրիտանիոյ եւ Օսմանեան Պետութեան միջեւ գաղտնի համաձայնագրութիւն մըն է, որով վերջինս Կիպրոսի վրայ իր գերիշխանութիւնը առաջինին զիջեցաւ, Պերլինի Վեհաժողովին մէջ անոր նեցուկը ստանալու փոխարէն- https://en.wikipedia.org/wiki/Cyprus_Convention: Սակայն Մեծն Բրիտանիա հայոց բարեկարգումներ շնորհելու դիմաց Օսմանեան Պետութեան ոչ մէկ բան տալ խոստացաւ: Այս պատճառով թուրքերը միշտ ձգձգեցին բարեկարգումներու հարցը մինչեւ որ Մեծ Աղէտը իրագործեցին 1915ին Երիտթուրքերու եւ Գերմանիոյ ձեռքով ու այլեւս բարենորոգումներու կարիքը չքացաւ հայութեան փճացումով եւ ցիր ու ցան ըլլալով:
Թուրքերը ուրիշ պատրուակ մըն ալ բռնեցին հայկական նահանգներու մէջ բարեկարգումներ չմտցնելու համար: Ասոր մասին յօդուածագիրը կ’ըսէ. «Թուրքերը կ’ըսէին թէ Պերլինի Վեհաժողովի որոշումներուն 61-րդ յօդուածը յստակ չէր եւ չեն գիտեր հայոց նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ընել: Անոնք կ’ըսէին թէ չեն գիտեր Եւրոպա ի՞նչ կը պահանջէր իրենցմէ հայոց նկատմամբ [Այդ անորոշութիւնը 61-րդ յօդուածին մէջ զուտ գերմանական հեղինակութեամբ է որ գոյացած էր, ոյժ տալու համար օսմանեան կողմին- Յ. Ի.]: Արդեօք Պուլկարիոյ նման անկախ իշխանութի՞ւն, թէ՞ Արեւելեան Ռումելիի նման առանձնաշնորհեալ հատուած կամ Լեռնալիբանանի նման կիսանկախ իշխանութիւն շնորհել հայոց: Թուրքերը 61-րդ յօդուածին յստակացում կը պատրուակէին: Այս հարցը Եւրոպական երկիրներու պատախանատուութիւնն էր, որ զլացան ընելու» (էջ 105):
Օսմանեան Պետութեան հայոց վիճակին մասին նաեւ կը կարդանք այս հատորին «Հայաստան» վերնագրեալ յօդուածին մէջ, լոյս տեսած «Ալ-Ահրամ» օրաթերթի 24 Յունիս 1880, թիւ 203-ի մէջ. «Հայաստան իր ներկայ վիճակէն աւելի վատ դրութեան մէջ չէ եղած բնաւ: Կը տեղեկանանք Կ. Պոլսէն թէ երկիրը բաց դաշտ մը դարձած է քիւրտերու ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն առջեւ եւ անոնք իրենց բոլոր թշնամական արարքները, զուլումը, բռնութիւններն ու կեղեքումները կը կիրառեն հայոց վրայ: Երանի՜ թէ քիւրտերը ետ մղող մը գտնուի եւ կամ դէմ կեցող մը ըլլայ, կամ՝ իրականութիւնը քօղազերծող մը… Երանի՜ թէ հայոց բողոքներուն լսող մը գտնուի: Հայոց վրայ քիւրտերու յարձակումներուն պատճառաւ ժողովուրդին մէջ սով կը տիրէ եւ խեղճերը կը տառապին ու հոգացող մը չկայ անոնց», կը յիշուի յօդուածին մէջ (էջ 106): «Այս բոլորը Անգլիոյ քաղաքականութեան եւ օսմանցիներու երեւակայածին կարծիքներու արդիւնքն են: Այդ մէկը Անգլիոյ եւ Օսմանեան Պետութեան միջեւ տարակարծութիւններու արդիւնքն է, որ հայոց գլխուն պատուհաս դարձաւ», կ’եզրակացնէ յօդուածագիրը (էջ 107):
Այս ձեւով հայոց տառապանքի տարիները տասնամեակներ շարունակուեցան, հիմնականօրէն Ռուսիա-Մեծն Բրիտանիա-Ֆրանսա տարակարծութիւններու պատճառով: Հակառակ այն իրողութեան թէ վերոյիշեալ երեք պետութիւնները դաշնակիցներ էին Ա. Համաշխարհային պատերազմին, սակայն 1880-ականներէն մինչեւ Ա. Համաշխարհայինի վերջը, առաջինին եւ միւսներուն միջեւ լարուած յարաբերութեանց պայմանները անփոփոխ մնացած ըլլալով՝ պատճառ դարձան որ Անգլիա ու Ֆրանսա Ռուսիոյ Օսմանեան Պետութիւն թափանցելուն արգելք ըլլան, իրենց թշնամի Թուրքիան ոեւէ վնասէ զերծ պահելու գնով: Այսպիսով հայութիւնը երկար ատեն տառապեցաւ, կոտորուեցաւ ու բռնագաղթուեցաւ վերոյիշեալ կողմերու սեղմ ու լարուած մամլակին մէջ:
Օսմանեան բանակի սպայ ê³ñ·Çë Âáñá뻳Ý, իր §î³ñï³Ý¿ÉÇó ØÇÝã»õ ä³Õ»ëïÇݦ յուշագրութեան մէջ (անգլերէն բնագիրէն թարգմանեց Լիլիթ Թութխալեան, Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկ, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. հրատ., Երեւան, 2012, միջակ չափի 208 էջ), յստակօրէն կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը կոտորողները թուրքերն են. այդուհանդերձ ան կ’աւելցնէ, թէ բուն մարդասպանները Անգլիան ու Ֆրանսան են, որովհետեւ «Կալիփոլիի թերակղզիի Էրթուղրուլի բերդամասում թուրքական հրետանային մարտկոցի հրամանատար էի եւ տեսել եմ մեր պաշտպանողական դիրքերը` ամրակէտ ամրակէտի յետեւից, որոնց ծուէն-ծուէն արեցին անգլիական եւ ֆրանսական ռազմանաւերը: Եւ տեսայ թէ ինչպէս յաղթողները թիկունքով շրջուեցին դէպի այդ յաղթանակը, հեռացան ու այլեւս չվերադարձան» (էջ 13): Հարիւրապետ Սարգիս Թորոսեան կը հաստատէ, թէ անգլիացիք ու ֆրանսացիք յաղթանակի չէին ձգտեր, այլ պարզապէս չէին ուզեր, որ ռուսերը Տարտանէլին տիրանային, որպէսզի Հնդկաստանը շահագործելու Անգլիոյ ծրագիրները չխանգարուին եւ Ֆրանսայի ազդեցութիւնը չտկարանայ Միջերկրականի մէջ: Այս պատճառով, միլիոնաւոր հայեր նահատակուեցան Մեծ Եղեռնին: Հեղինակը կ’ըսէ նաեւ. «Համաշխարհային Պատերազմը կարող էր աւարտուել` դեռ չսկսած, եթէ անգլիացիները ցանկանային յաղթել Տարտանէլում» (էջ 13):
Մեծ ուժերու շահերու բախման եւ Օսմանեան Պետութեան անկէ օգտուելով լարախաղացութեամբ արեւմտահայոց բռնաճնշելու իրավիճակին մէջ, Հայաստանի բարենորոգումներու հարցը ձգձգուելով եւ կախեալ մնալով մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը՝ չիրականացաւ, որուն արդիւնքը Գերմանիոյ մեղսակցութեամբ Երիտթուրքերու սանձարձակօրէն Հայասպանութիւնը գործադրելը եղաւ, եւ որ անպատիժ կը մնայ ցարդ: