ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ արժանապատուութեան ու այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան առիթով, Հայաստանի բաձրագոյն ղեկավարութիւնը 9 Դեկտեմբերին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ծաղիկներ զետեղեցին ու իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: