«Քալիֆորնիա Քուրիեր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Աշխարհի 152 երկիրներու «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ի վերջին զեկոյցին մէջ, Հայաստանին զարմանալիօրէն տրուած է բարձր վարկանիշ: Ուսումնասիրութիւնը համատեղ իրականացուած է Ուաշինկթընի Գադոյի ուսումնարանի, Վանքուվըրի Ֆրէյզըրի ուսումնարանի եւ Պեռլինի Ֆրիտրիխ Նաումանի անուան յանուն ազատութեան հիմնադրամին կողմէ: 108 էջերէ բաղկացած համապարփակ զեկոյցը երկիրները կը դասէ ըստ քաղաքացիներու անհատական, քաղաքացիական եւ տնտեսական ազատութիւններու:
Դասակարգումը հիմնուած է 76 տարբեր ցուցանիշներու վրայ` խմբաւորուած 12 անուանակարգերու մէջ.
– օրէնքի գերակայութիւն,
– ապահովութիւն եւ անվտանգութիւն,
– շարժում,
– կրօն,
– միութիւն, հաւաք եւ քաղաքացիական հասարակութիւն,
– արտայայտութիւն,
– կառավարութեան մեծութիւնը,
– իրաւական համակարգ եւ սեփականութեան իրաւունք,
– դրամական միջոցներու մատչելիութիւն,
– միջազգային առեւտուրի ազատութիւն,
– վարկային, աշխատանքային եւ գործարար օրէնսդրութիւն:
Ըստ «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ին` աշխարհի տասը լաւագոյն երկիրներուն մէջ են Հոնկքոնկը, Զուիցերիան, Ֆինլանտան, Դանիան, Նոր Զելանտան, Գանատան, Աւստրալիան, Իռլանտան, Անգլիան եւ Շուէտը: Միացեալ Նահանգները 20-րդ տեղն է:
Անցեալ շաբաթ հրապարակուած 2012 թուականի տուեալներուն համաձայն` Հայաստանը աշխարհի մէջ 53-րդն է, աւելի բարձր, քան անոր հարեւաններէն շատերը` Ատրպէյճանը (126-րդ), Թուրքիան (62-րդ), Իրանը (152-րդ), եւ փոքր զիջում մը Վրաստանին (48-րդ):
Հայաստանի տպաւորիչ վարկանիշը կը բացայայտէ աւելի ապշեցուցիչ գնահատական, երբ կը նայիս այդ դասակարգման երկու հիմնական բաղադրիչներուն. Հայաստանը աշխարհի մէջ կը զբաղցնէ 17-րդ տեղը տնտեսական ազատութեան, եւ 70-րդը` անձի ազատութեան ցուցանիշներուն մէջ…
Հայաստանի վարկանիշը ես «զարմանալի» որակեցի այն պատճառով, որ ժողովուրդի մեծ մասը հաւանաբար չէր ակնկալեր նման բարձր գնահատական, հաշուի առնելով ղեկավարութեան նկատմամբ մշտական քննադատութիւնը, ինչպէս երկրի մէջ, այնպէս ալ դուրսը: Թէեւ ճիշդ է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը բազմաթիւ թերութիւններ ունի եւ արժանի է քննադատութեան, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ իշխանութիւնները կարգ մը բաներ ճիշդ ըրած են Հայաստանի համար, որ իր վարկանիշով «Մարդու ազատութեան ցուցանիշով» գերազանցած է այնպիսի ազդեցիկ երկիրներ, ինչպէս Արժանթինը, Պրազիլը, Չինաստանը, Եգիպտոսը, Հնդկաստանը, Իրանը, Քուէյթը, Մեքսիքոն, Գաթարը, Ռուսաստանը, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան, Ուքրանիան եւ Վենեզուելլան:
Ժողովուրդին կողմէ Հայաստանի ընկալման եւ իրականութեան միջեւ առկայ այս հակասութեան հաւանական բացատրութիւնը այն է, որ Հայաստանի պաշտօնեաները վատ աշխատանք տարած են երկրի ձեռքբերումները գովազդելու համար: Հակառակ պարագային, շատ հայեր այսպիսի բացասական տպաւորութիւն չէին ունենար իրենց հայրենիքին մասին:
Այս միտքը պարզաբանելու համար վերցնենք Սինկափուրը, երկիր մը, որ յաջողութեամբ կը գովազդէ իր նուաճումները եւ բարձր կը գնահատուի ամբողջ աշխարհի մէջ իբրեւ լաւ կառավարման, արագ տնտեսական զարգացման եւ բարեկեցիկ կենսապայմաններու նախատիպ: Հակառակ անոր, որ կասկածէ վեր է, որ այս «ասիական վագրը» ձեռքբերումներու տպաւորիչ ցուցանիշ սահմանած է, սակայն զարմանալի է, որ Սինկափուրը վարկանիշային ցուցանիշով աշխարհի մէջ կը զբաղցնէ 43-րդ տեղը` ընդամէնը 10 նիշով առաջ անցնելով Հայաստանէն «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ով: Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք Սինկափուրի շուրջ ստեղծուած աղմուկին, կարելի էր ենթադրել, որ այդ երկիրը պէտք է տեղ զբաղցնէր լաւագոյն տասնեակին մէջ, իսկ Հայաստանը ըլլար 100-րդը, հաշուի առնելով վերջինիս հասցէին մշտապէս հնչող քննադատութիւնը:
Ինչպէս կ՝ըսեն «տպաւորութիւնը իրականութիւն է»: Ըստ էութեան, տպաւորութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան իրականութիւնը, քանի որ մարդիկ ամէն ինչի մասին կը դատեն իրենց սեփական տպաւորութիւններուն հիման վրայ, անկախ անկէ, թէ անոնք որքան կը տարբերին իրականութենէն: Օրինակ, վերջին տարիներուն Հայաստանը շարք մը միջազգային զեկոյցներու մէջ զբաղցուցած է շատ բարձր տեղեր, քան կը սպասուէր: Սակայն, Հայաստանի կառավարութիւնը երբեք չէ գովազդած այս կարեւոր վարկանիշերը, ատով իսկ ձախողելով երկրի համար դրական երեւոյթին ստեղծումը, որ կրնար գրաւիչ ըլլալ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու եւ ներդրողներու համար:
Հետաքրքրական է, որ Հայաստանէն շատ աւելի բարեկեցիկ երկիրներ ետ մնացած են «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ին մէջ, որ կրնայ նշանակել, որ երկրի հարստութիւնը, Ատրպէյճանի պարագային` քարիւղի բազմամիլիառանոց եկամուտները, բարեկեցութիւն կամ ազատութիւն չեն երաշխաւորեր իրենց քաղաքացիներու համար…
Սակայն, հաշուի առնելով Հայաստանի համեմատաբար բարձր վարկանիշը, անոր ղեկավարութիւնը այլեւս չի կրնար արդարանալ, թէ երկրի զարգացումը կը կաղայ նիւթական եւ բնական պաշարներու սահմանափակութեան պատճառով: Ամէն ինչ կախուած չէ փողէն: Քանի որ Հայաստանը տնտեսական ազատութեան ցուցանիշով կը զբաղցնէ 17-րդ տեղը, ուստի արդարացում չի կրնար ըլլալ անձի ազատութեան ցուցանիշով 70-րդ տեղը զբաղցնելու համար: Վերջին ցուցանիշը կրնայ մեծապէս բարելաւուիլ պետութեան կողմէ առանց մէկ դրամ ծախսելու: Միայն անհրաժեշտ են հոգատար պետական պաշտօնեաներ, որոնք յանձնառու պիտի ըլլան բարելաւելու ժողովուրդի բարեկեցութիւնը:
Հայաստանի ղեկավարութեան ամենամեծ բացը ոչ թէ նիւթական միջոցներու, այլ հասարակութեան վստահութեան պակասն է: Իշխանութիւնները կրնան վերականգնել քաղաքացիներու վստահութիւնը ջանադրաբար աշխատելով, որպէսզի կարողանան բարելաւել անոնց կենսապայմանները, եւ միայն անկէ յետոյ հասարակութեան դրական ընկալումը պիտի համապատասխանէ Հայաստանի համաշխարհային վարկանիշի իրականութեան:
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը