ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Յառաջիկայ տարուան սկիզբը կը նախատեսուի իրականացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ յաջորդ հանդիպումը. 20 Դեկտեմբերին այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Տիգրան Բալայեան: Ան նշեց, որ ժամկէտներու եւ հանդիպման մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրամադրուին աւելի ուշ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով նոյն օրը յայտարարեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ պատրաստ է բանակցելու՝ արդիւնքի մը հասնելու համար, նոյնիսկ եթէ հանդիպումը երկու օր տեւէ: Իսկ Տիգրան Բալայեան, ասոր իբրեւ պատասխան՝ ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ կարիք չկայ հերթական անգամ մանրամասնելու, թէ ինչի՛ պատճառով է, որ բանակցութիւններում արդիւնք չկայ: Նախարար Նալբանդեանը ԵԱՀԿ մասնակից երկրների Արտաքին գործերի նախարարների խորհրդի 24րդ հանդիպմանը ունեցած ելոյթում պարզ ասել է, բացատրե՛լ է, թէ ինչո՛ւ արդիւնք չկայ»:
Յիշենք, որ Նալբանդեան նշեալ ելոյթին ընթացքին թուարկած էր 9 պատճառներ, թէ ինչո՛ւ մինչեւ օրս կարելի չէ եղած յառաջխաղացք արձանագրել խաղաղութեան բանակցութեանց ընթացքին: