ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ՝ Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք 14-17 Հոկտեմբերին շրջանը կատարած իրենց այցելութենէն ետք հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեցին, թէ 15 Հոկտեմբերին համանախագահները հանդիպում ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, Երեւանի մէջ, 17 Հոկտեմբերին՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ Պաքու մէջ, նաեւ խորհրդակցութիւններ կատարուած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ:
Այցելութեան ընթացքին համանախագահները հանդիպում ունեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Լեռնային Ղարաբաղ գտնուած օրերուն, համանախագահները զրոյց ունեցան նաեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչին հետ:
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկու երկիրներու ղեկավարները համանախագահներուն ներկայացուցին Աշխապատի մէջ ԱՊՀի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ իրենց վերջին երկխօսութեան մանրամասնութիւնները եւ իրենց տեսլականը, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յառաջ մղել լուծման գործընթացը:
Համանախագահները ողջունեցին մարդասիրական եւ անվտանգութեան իւրայատուկ միջոցառումներու ձեռնարկման հեռանկարները՝ ուղղուած հասարակութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու:
Համանախագահները անգամ մը եւս ընդգծեցին ԵԱՀԿի գործող նախագահի մնայուն ներկայացուցիչի հովանիին տակ, անոր պաշտօնին ու երկարատեւ փորձառութեան համաձայն, դիտարկման առաքելութեան խիստ անհրաժեշտութիւնը: Համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղեցին՝ լիարժէքօրէն սատարելու ԵԱՀԿ գործող նախագահի մնայուն ներկայացուցիչին եւ անոր խումբին գործողութիւններուն եւ ապահովելու դիտարկման առաքելութիւններու խոչընդոտներու անյապաղ վերացումը: Արտաքին գործոց նախարարները հաստատած են համանախագահներուն հովանիին տակ հանդիպման պատրաստակամութիւնը մինչեւ տարեվերջ: Համանախագահները շուտով պիտի մեկնին Վիեննա՝ հանդիպելու ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդի եւ Մինսկի խումբի երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ։
«ՌՈՒՍԻՈՅ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՀԱՍՆԻԼ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԼՈՒԾՄԱՆ». ԶԱԽԱՐՈՎԱ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը, թէ՝ «Ղարաբաղը ամբողջ աշխարհի կողմէ ճանչցուած է իբրեւ Ատրպէյճանի անբաժան մաս»՝ ըսաւ, որ Ռուսիա Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն միշտ ալ կոչ ուղղած է կառուցողական մօտեցում ցուցաբերելու։ Ան ընդգծեց, որ ինք Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ քարտուղարը չէ ու չի կրնար ըսել, թէ ի՛նչ նկատի ունէր Ալիեւ այս կամ այն հարցին մասին արտայայտուելով։ «Մենք կրնանք տալ մեր գնահատականը, եւ ոչ թէ մեկնաբանել», շեշտեց ան։
Մարիա Զախարովա ըսաւ, որ իրենք կը տեսնեն, թէ կան մեծ թիւով քաղաքական յայտարարութիւններ՝ յուզական տարբեր աստիճանի, պատմական ենթահողով, արդի պարունակին տարբեր աստիճանով առնչուած։ «Մենք կը մեկնինք այն բանակցային օրակարգէն, զոր ունինք սեղանին վրայ: Ռուսիա կ՛աշխատի կողմերուն եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջեւ համաձայնեցուած փաստաթուղթերով», նշեց ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչին համաձայն՝ Ռուսիոյ եւ այլ միջնորդ երկիրներուն նպատակն է հասնիլ տագնապի վերջնական լուծման եւ նպաստել գործընթացի առաւելագոյն արագացման: «Մենք մնայուն կառուցողական մօտեցման կոչ ուղղած ենք կողմերուն: Եւ կասկածիլ, թէ ինքնին այդ է իրենց նպատակը, ես չեմ կրնար ըսել կամ փափաքիլ, քանի որ բոլորը պատասխանատու քաղաքական գործիչներ են եւ կ՛արտայայտեն իրենց ժողովուրդներուն ակնկալութիւնները: Եւ բոլոր ժողովուրդները այդ ճգնաժամի ամբողջ ընթացքին մնայուն կերպով իրենց ղեկավարութիւնները իբրեւ պատուիրակ ունեցած են: Այդ պատճառով, մենք կը զբաղինք մեր դերով, ինչպէս մենք կը կարծենք, կոչ կ՛ուղղենք առաւելագոյնս կառուցողական աշխատանքի եւ այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու», եզրափակեց Զախարովա։