Տասնամեակներ տեւած ազգամիջեան տագնապէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները կը պատրաստուին հանդիպելու՝ փորձելու համար լուծել Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող երկարատեւ տագնապը: Այս մասին կը գրէ ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը՝ ընդգծելով, որ դէտերը բաւական պատճառներ ունին թերահաւատօրէն դիտելու այն միտքը, թէ սպասուող հանդիպումը երկարատեւ հանգստութիւն կրնայ բերել:
«Այնուամենայնիւ, նշանակալի փոփոխութիւն կայ նախորդ նման փորձէն ետք: Որոշ տուեալներ կը փաստեն, թէ ժողովրդավարական հասարակութիւնները առաւել միտուած են խաղաղութիւն հաստատելու իրենց դրացիներուն հետ եւ յաճախակ կրնան իրականացնել այդ մէկը, եթէ քաղաքացիական հասարակական խումբերը կարելիութիւն ունենան կապ հաստատելու իրարու հետ՝ պաշտօնական բանակցութիւններու սահմաններէն դուրս», կ՛ընդգծէ յօդուածագիրը:
Ըստ աղբիւրին՝ վերջին դիւանագիտական բանակցային փուլին միայն ժամանակաւոր հանդարտութիւն յաջորդած է, եւ բազմաթիւ վերլուծաբաններ ու խաղաղութեան ջատագովներ թերահաւատօրէն կը նային դիւանագիտական ընթացքին:
Յօդուածագիրը կը նշէ, թէ վերջին ուսումնասիրութիւնները կ՛ենթադրեն, թէ շրջանին մէջ ժողովրդավարական փոփոխութիւնները կրնան նպաստել տագնապի մեղմացման եւ նախայարձակումի նուազեցման, որովհետեւ ժողովրդավար հասարակութիւնները կը ձգտին խաղաղութիւն հաստատել եւ զարգացնել համագործակցութիւնը դրացի երկիրներուն հետ:
«Սակայն միայն ատիկա բաւարար չէ: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ առաւել հաւանական է խաղաղութեան համաձայնագիրներու կիրարկումը, եթէ տագնապի բոլոր կողմերը ներգրաւուած ըլլան խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ: Այն, ինչը անհրաժեշտ է, ներգրաւուածութիւնն է տագնապին ազդեցութեան տակ յայտնուած խումբերուն, գաղթականներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղին, որոնք վերջին տարիներուն դուրս մնացած են բանակցային հոլովոյթէն», կը գրէ ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը: