ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 20 Օգոստոսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ:
Միրզոյեան եւ Բաբայեան ընդգծեցին Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ պարբերական խորհրդակցութիւններ ունենալու կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով Արցախի տագնապին` Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գոծոց նախարարները ընդգծեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ տագնապի լուծման գործընթացի վերսկսման եւ համապարփակ ու տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկեցին ատրպէյճանական-թրքական յարձակումներուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի հասցէագրման ուղղութեամբ տեղւոյն վրայ գործադրուող ջանքերը:
Շեշտուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններուն անթոյլատրելիութիւնը, որ լուրջ սպառնալիք է տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան: