ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Իրանէն Հայաստան փոխադրութեան տարանցման մարտահրաւէրները եւ զանոնք յաղթահարելու ուղիները քննարկեցին արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահիա Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 76րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Միրզոյեան տեղեկացուց Գորիս-Կապան ճամբուն այլընտրանքային ուղիի կառուցման ընթացքին, ինչպէս նաեւ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի աշխատանքներուն մասին:
Մանրամասն անդրադարձ կատարուեցաւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ հայ-իրանեան համագործակցութեան հետագայ խորացման կարելիութիւններուն։
Քննարկուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ, կը վտանգեն տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ու զարգացման վերաբերող ջանքերը`աւելցնելով, որ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը: