ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ, 11 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հեռաձայնային զրոյցը։ Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Զրոյցին ընթացքին նախարարները քննարկուեցին երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցեր: Անոնք կարեւոր նկատուեցին աւանդական բարեկամութեան եւ փոխվստահութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան ծաւալումը եւ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ երկուստեք քայլերու ձեռնարկումը:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն, մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հասցէագրման ուղղութեամբ միջազգային համագործակցութեան։