Երէկ` չորեքշաբթի, 24 նոյեմբեր 2021-ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ. անոնք քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող հարցեր:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական ու համապարփակ լուծումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ իրականացուած վերջին յարձակումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը: Միրզոյեան կարեւոր նկատեց հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու դերը` շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ուղղուած ջանքերու պարունակին մէջ:
Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկեցին նաեւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմանի յայտարարութիւններով կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը: