ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ռուիսոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկու հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ, որուն հետ քննարկեց Արցախի՝ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան գօտիին մէջ, ստեղծուած իրավիճակը: Լուրը հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Լուսարձակի տակ առնուեցան ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ առաջադրանքներու կատարման ընթացքին ստեղծուած ընթացիկ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: