«Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամ»-ի համար Միացեալ Նահանգներու Փասատենայի «Pasadena CIVIC» յայտնի համերգային սրահին մէջ Նոյեմբեր 11-ին տեղի պիտի ունենայ բարեգործական համերգ: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով Itsmyseat.com կայքը:
«Hye AID»` Հայ օգնութեան բարեգործական համերգին ծիրէն ներս` կենդանի կատարումներով հանդէս պիտի գան աշխարհահռչակ երաժիշտ կատարողներ Սերժ Թանկեան, Արտօ Թունջպոյաճեան, ինչպէս նաեւ Ռուբէն Հախվերտեան, Լիլիթ Պիպոյեան, Արմէն Մովսիսեան, Element Band-ը, Dirty Diamond-ը, Կլենտէյլի նուագախումբի անդամներ Ատիս Հարմանտեան եւ Միքայէլ Աւետիսեան: