ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
1991-1992 թուականներուն Երկրաշարժէն ետք, շրջափակման եւ պատերազմի մէջ գտնուող նորանկախ Հայաստանը անչափ աղքատ էր: Այդ տարիներուն մեծ երկիրները մեզի տարեկան քանի մը միլիոն օգնութիւն կը տրամադրէին, քանի մը միլիոն ալ պարտքի կու տային:
Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ երկիրն ու ժողովուրդը 100 միլիոն ամերիկեան տոլարի պէտք ունին, ցուրտ ձմեռը անցընելու համար:
Մեր ընդիմադիր կուսակցութիւնները չօգնեցին մեր կառավարութեան, կուսակցապետ մը նոյնիսկ յայտարարեց, որ իր կուսակցութիւնը եթէ ուզէ, մէկ գիշերուայ մէջ կրնայ այդ հարիւր միլիոնը հաւաքել…
Չհաւաքեց. բոլորը երկրին կառավարութիւնը առանձին ձգեցին, անոնք չհասկցան, որ այդպիսի նեղ կացութեան ատեն դէմ դնելով, միայն իշխանութիւնը չեն տկարացներ, այլ նաեւ պետութիւնը, երկիրը…
Այդ ձմեռ Հայաստանէն հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ երկրէն հեռացան…
Այդ արտագաղթին պատճառը կառավարութեան անկարողութիւնն էր վստահաբար, բայց նաեւ կառավարութեան ձեռք չմեկնողները, անհրաժեշտ դրամը հաւաքելու կարող բայց հաւաքել չուզող կազմակերպութիւնները…
Այսօր մեր երկիրը նոյնքան եւ աւելի մեծ վտանգի առջեւ կը գտնուի: Ենթադրենք, ընդունինք, որ այս վիճակին գլխաւոր պատասխանատուն իշխող կուսակցութիւնն է, անոր ղեկավար վարչապետ Փաշինեանը, բայց ուզենք-չուզենք պէտք է գիտակցինք, որ այսօր իրաւունք չունինք մեր կառավարութիւնը առանձին ձգելու, պէտք է բոլորս լաւ հասկնանք, որ մեր կացութիւնը շատ աւելի ծանր է, որ ներկայիս վիճակը կախում չունի յառաջիկայ ընտրութիւններու արդիւնքէն, որ հիմա միակ հրամայականը միասնական ըլլալն է, մեծ թիւով մեր թշնամիներուն ցոյց տալը որ վտանգի պահուն, բոլորս միասին ենք՝ անկախ ընտրապայքարէն:
Այս իրականութիւնը պէտք է գիտնան թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ՛ ընդդիմադիրները եւ անյապաղ իրար ձեռք մեկնեն:
Կրցա՞յ միտքս պարզել…
Չեմ գիտեր: