Ղարաբաղեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք ձեռք բերուած է եռակողմ խաղաղութեան համաձայնութիւն Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ատկէ ետք բանակցութիւններ սկսած են սահմանազատման վերաբերեալ: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի:
«Խորհրդային Միութեան քարտէսներուն համաձայն, Հայաստանի Գորիս-Կապան ճամբու երկու հատուածները կը պատկանին Ազրպէյճանին, սակայն համաձայնութիւն գոյացած է, որ մինչեւ սահմանազատման հոլովոյթը սկսիլը փոխադրամիջոցները անվտանգ երթեւեկեն:
«Ինչպէս գիտէք, Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ ազրպէյճանցի ոստիկանները կը կանգնեցնեն իրանեան բեռները Հայաստան տեղափոխող վարորդները, իբրեւ մաքսատուրք որոշակի գումարներ կը գանձեն իրանցի վարորդներէն», ըսած է դեսպանը:
Իրանի դեսպանը նշեց, որ ազրպէյճանցիները օտարերկրեայ փոխադրամիջոցներէն մուտքի ու ելքի համար ճանապարհային հարկ կը գանձեն: «Իրանեան կողմը, նաեւ դեսպանատունը ջանքեր կը գործադրեն կարելի եղածին չափ շուտ այս հարցը լուծելու, եւ Հայաստանի կառավարութենէն կ՛ակնկալենք, որ այլընտրանքային ճամբան շուտ կառուցուի, եւ իրանցի վարորդները բեռնափոխադրումները այս ճամբով անվտանգ եւ ապահով պայմաններու մէջ կատարեն», ըսած է իրանցի դիւանագէտը: