Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան 16 դեկտեմբերի նիստին որոշուեցաւ լրացուցիչ 45 միլիոն դրամ յատկացնել՝ «Տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներ» մրցոյթին յաղթողները պարգեւատրելու նպատակով:
Այս տարի տասը լաւագոյն մարզիկներուն կողքին, նիւթական պարգեւներ նաեւ պիտի ստանան անոնց մարզիչները, հաւաքականներու գլխաւոր մարզիչները, բժիշկները եւ մերսողները: Աննախադէպ երեւոյթ: