ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի կառավարութիւնը պարտաւոր է ձեռնարկել գործուն քայլերու` երաշխաւորելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ բնակչութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացներուն իրաւունքները։ 26 Մայիսին այս մասին յայտարարեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան:
Ըստ անոր՝ միջազգային հանրութիւնը պէտք է դադրեցնէ իր կրաւորական կեցուածքը եւ անյապաղ ձեռնարկէ վճռական միջոցներու` կանխելու համար ատրպէյճանական զինուած ուժերուն բացայայտ անօրինական, յանցաւոր արարքները եւ մարդու իրաւունքներու շարունակուող խախտումները, նոր խախտումներու իրական սպառնալիքները:
Թաթոյեան նշեց, որ պիտի շարունակէ միջազգային մարմիններուն ուղարկել փաստերու վրայ հիմնուած զեկոյցներ եւ հաղորդումներ՝ ներկայ իրական վիճակին մասին:
Այս մտահոգութեամբ Թաթոյեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ՝ քննարկելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը:
Պաշտպանը նախագահին ներկայացուց Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի փաստահաւաք գործունէութեան արդիւնքները` ընդգծելով, որ ատրպէյճանցի զինուորներուն անօրինական ներկայութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ, բացայայտ ոտնձգութիւն է Հայաստանի ամբողջ բնակչութեան, յատկապէս սահմանային բնակիչներու իրաւունքներուն նկատմամբ: Ան յատկապէս շեշտեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանային բոլոր հատուածներով եւ, յատկապէս, Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի շուրջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հայեցակարգի իրականացումը իրական հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համար:
Նախագահը եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կարեւոր նկատեցին պետական համապատասխան կառոյցներուն կողմէ Հայաստանի բնակչութեան անվտանգութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող գործուն քայլերու իրականացումը, ինչպէս նաեւ միջազգային գործընկերներու հետ աշխոյժ աշխատանքը` Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն անօրինական արարքները կանխելու եւ նման որեւէ դրսեւորում ապագային թոյլ չտալու համար: