Սփիւռքահայ մտաւորականներու, կրթական մշակներու, հայկական մշակութային աւանդի պահպանման ջատագովներու գնահատման քայլերու ծիրին մէջ, լիբանանահայ կրթական մշակ, գրող եւ մտաւորական Պէպօ Սիմոնեան պարգեւատրուեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 6 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, Ռապիէ: Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, նախկին թէ ներկայ երեսփոխաններու, միութենական ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու եւ մշակութասէր հանրութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ հրապարակախօս, մանկավարժ, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ Պէպօ Սիմոնեան կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ բարձր կը գնահատէ մեր հայրենակիցներու ճիգերը` հայ մշակութային աւանդի բարձր պահպանման գծով», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով մեծարեալը, որ 2002-ին պարգեւատրուած էր Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ եւ 2012-ին անդամակցած է Հայաստանի գրողներու միութեան, իսկ 2010-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: «Դուք հարուստ էք հոգեպէս, հայրենիքէն հեռու կը շարունակէք հայապահպանումի ձեր ճիգերը, կը նպաստէք լիբանանահայ համայնքի ազգային գործունէութեան` սէր ու համերաշխութիւն սերմանելով ամէնուրեք», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան` իր խօսքը ուղղելով սփիւռքահայ մտաւորական ընտրանիին, խիստ բարձր գնահատելով անոր ներուժը հայ արժէքներու ծաղկումին մէջ ու սրտանց ողջունեց բոլորը:
Ապա, լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, «Կամար» ամսագիրի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան ողջունեց ներկաները` ըսելով, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հայրենի բուռ մը հողի վրայ հաւաքուած ենք մեծարելու կրթական մշակ, մանկավարժ, գրագէտ Պէպօ Սիմոնեանը: Դանիէլեան մեծ դրուատիքով անդրադարձաւ Սիմոնեանի գրական ու մշակութային վաստակին` թուելով անոր գրական մշակութային իրագործումներն ու այլ պարգեւատրումները: Մեծարեալի կենսագրականին կողքին Դանիէլեան զուգահեռ մը գծեց իր եւ Սիմոնեանի հասարակաց թէ միացեալ իրագործումներուն եւ նուաճումներուն մասին:
Ապա դեսպան Քոչարեան ընթերցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրը, ըստ որուն Պետրոս Տիգրան Գալայճեան (ծանօթ` Պէպօ Սիմոնեան անունով) կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: Հրամանագիրը խիստ բարձր կը գնահատէր մեծարեալին գրական ու մշակութային ներդրումը Հայաստան-սփիւռք կապերու սերտացման ճիգերուն մէջ: Իր կարգին, մեծարեալ Պէպօ Սիմոնեան խորին երախտիքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին` ընդգծելով, որ սփիւռքի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներու իւրաքանչիւր բեկոր հայրենի հող է: Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ասմունքեց մեծարեալի ստեղծագործութիւններէն «Արցախը մերն է» ոտանաւորը: Իսկ Նանօր Մաճառեան միաժամանակ դաշնակի ընկերակցութեամբ մեներգեց «Հայրենի դրախտ երկիր»-ը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեանի պահպանիչով: