Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան` գնահատելով լիբանանահայ հանրածանօթ ազգային բարերար Կարպիս Նազարեանի կատարած ազգանուէր բազում ծառայութիւնները, բարերարին շնորհած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը:
Շքանշանի յանձնումի արարողութիւնը կատարուեցաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մէջ, երէկ` Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին` ընտանեկան պարագաներու, հարազատներու եւ բարեկամներու շատ սեղմ շրջանակի մը ներկայութեան: Շքանշանի յանձնումի արարողութեան ներկայ էին Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նորայր եպս. Աշըքեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, բարերարին կողակիցը` Արեգ Նազարեան, որդիները` Արթիւր եւ Լեւոն Նազարեաններ, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի ու ՀԵԸ-ի` բարերարին հետ գործակցած պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի կազմի անդամներ:
Նախքան շքանշանի յանձնումը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Կարպիս Նազարեան բարերարի եւ ընդհանրապէս Նազարեան գերդաստանի տարիներու վրայ ու շատ մը գաղութներու մէջ կատարած ազգանուէր բարեգործութեանց ու խօսքի աւարտին կարդաց նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակ-գնահատագիրը, ուղղուած` յարգարժան բարերարին. հուսկ ապա դեսպան Քոչարեան Կարպիս Նազարեանի լամբակը զարդարեց «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: Ան նաեւ փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորանքի խօսքերը:
Կարպիս Նազարեան, ստանալէ ետք Հայաստանի նախագահին շնորհած շքանշանը, յայտնեց իր շնորհակալութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին եւ ներկաներուն:
Յետ շքանշանի յանձնումի Նազարեան ընտանիքի շնորհակալական խօսքը արտասանեց լիբանանահայ մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեան: Ան հակիրճ գիծերու մէջ կատարեց գնահատականը ազգային բարերար Կարպիս Նազարեանի մարդասիրական, բարեգործական, կրթական, մշակութային եւ գրական մարզերու մէջ կատարած բազմաբնոյթ բարերարութիւններուն` թուելով երկար տարիներու վրայ երկարող անոր ազգանուէր բացառիկ առաքելութիւնը, որ սկիզբ առած էր բարերարին հօր` Լեւոն Նազարեանի կողմէ եւ որ կը շարունակուէր մինչեւ օրս, հերթականութեամբ փոխանցուելով որդի ու թոռ: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց բարերարի կողակիցին բերած նպաստն ու դերը` կատարուած բարեգործութեանց մէջ:
Դանիէլեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ բարերար Կարպիս Նազարեան, որ կը գտնուի յառաջացեալ տարիքի մէջ, մինչեւ օրս արժանացած է բազում պետական ու կառավարական նշաններու, հայրապետական կոնդակներու եւ շքանշաններու, բայց այս մէկը պիտի գար հարստացնելու պարգեւատրեալին ստացած պարգեւներուն ցանկը, որովհետեւ ան կու գար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն:
Ժիրայր Դանիէլեանի խօսքէն ետք ելոյթով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կրթական տնօրէն (Միացեալ Նահանգներ) Արթուն Համալեան եւ կարդաց ՀԲԸ Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորագիրը, ուր վերջինս կու գար իր սրտի խօսքը ուղղելու բարերարին` գնահատելով անոր երկարամեայ բարեգործութիւնները:
Մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ կայացած սոյն հանդիսութիւնը վերջ գտաւ ներկաներու շնորհաւորանքով եւ երկարակեցութեան մաղթանքներով, ուղղուած` բարերար Կարպիս Նազարեանին