Երեքշաբթի, 13 Մարտ 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանն ու անոր ընկերակցող պետական պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայկազեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցան համալսարանի անձնակազմին եւ ուսանողներուն հետ:
Վարչապետ Կարապետեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որ երկօրեայ պետական այցելութեամբ Լիբանան հասած էին, հանդիպումներ ունեցան Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ գործարարական շրջանակներու եւ լիբանանահայ համայնքը ներկայացնող անհատներու հետ:
Հայկազեան համալսարան այցելող Հայաստանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին, վարչապետ Կարապետեանի կողքին, Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Պապիքեան, Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Հայկ Յարութիւնեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ յատուկ յանձնառութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Լեւոն Սարգսեան, որոնք դիմաւորուեցան Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի կողմէ:
Վարչապետ Կարապետեան նախ եւ առաջ շրջագայեցաւ համալսարանի տարբեր բաժինները, ծանօթացաւ համալսարանի զանազան բաժիններուն եւ ծրագիրներուն: Հայկազեան համալսարանի ուսանողները ի պատիւ վարչապետ Կարապետեանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան կազմակերպած էին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ համալսարանի շրջափակին մէջ:
Ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ զարգացող յարաբերութիւնները, շեշտելով ուսման կարեւորութիւնը, որպէսզի նոր սերունդը եւս ապագային կարենայ շարունակել երկու երկիրներու զարգացման համար մղուող ջանքերը:
Իր կարգին վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց լիբանանահայութեան, որ մեծապէս կը նպաստէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման: Վարչապետը ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, միաժամանակ շեշտելով, որ երկու երկիրները անհրաժեշտ է, որ գործակցին տարբեր մարզերու, յատկապէս տնտեսութեան, ակադեմական, մշակութային եւ զբօսաշրջութեան մէջ:
Իր խօսքի աւարտին վարչապետը նաեւ անդրադարձաւ եւ բարձր գնահատեց Հայկազեան համալսարանի իրագործումները եւ նոր սերունդին ուսում ջամբելու մէջ անոր խաղացած կարեւոր դերը:
Աւարտին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան վարչապետ Կարապետեանին յանձնեց յուշանուէր մը: Իր կարգին, վարչապետ Կարապետեան Հայկազեան համալսարանին նուիրեց Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ պատրաստուած հայկական դրամանիշերով յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ գրառում մը կատարեց համալսարանի պաշտօնական հիւրերու յուշամատեանին մէջ:
Այս առիթով համալսարանին մէջ ցուցադրուած էին գեղանկարիչ եւ քանակագործ Րաֆֆի Ետալեանի գործերը: Արուսետագէտը վարչապետին նուիրեց Վատիկան քաղաքի կողմէ իւրայատուկ հրապարակութեամբ դրոշմաթուղթ մը որ կը կրէ «Երանելի Իգնատիոս եպս. Մալոյեան» ի դիմանկարը. Ետալեան «Մալոյեան» ի դիմանկարը նուիրած էր Ֆրանսիս Պապին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակի առիթով: