Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան Սոցիալական (ընկերային-Խմբ.) ապահովութեան ծառայութեան պետ Յովհաննէս Սահակեան ամփոփած է վերջին 6 ամսուան աշխատանքը՝ կենսաթոշակառուներու թիւը 446.249 է, իսկ 62.915 նպաստառու կայ: Կը կանխատեսուի, որ թոշակառուներու թիւը աճի՝ ժողովրդագրական ցուցանիշներու տուեալներու հիման վրայ, կը հաղորդէ «Երկիրմեդիա»ն:
Ծառայութիւնը կենսաթոշակի սխալ նշանակման պարագաներու կը հանդիպի, երբ կենսաթոշակառուներուն համար փորձառութեան կեղծ տեղեկութիւն կը ներկայացուի: Կը պարզուի, որ այդ մարդիկ այդքան տարիներու աշխատանքային փորձառութիւն չունին: Աշխատանքային գրքոյկները եւս կը թուայնացուին:
Յովհաննէս Սահակեան անդրադարձաւ երեխաներու ծննդեան միանուագ նպաստը առցանց դիմելու մասին որոշումին՝ նշելով, որ նպաստներու շարք մը տեսակներու համար օրէնքը կը գործէ արդէն Մարտ ամիսէն ի վեր: