Երեւանի մէջ մեկնարկեց Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնաժողովին նիստը:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ նիստին կը մասնակցին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, ֆրանսախօս երկիրներու ԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Մարգարիտ Եսայեան, որուն հրաւէրով Ֆրանսախօս երկիրներու ԽՎ պատուիրակութիւնը ժամանած է Հայաստան:
ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան կարեւոր կը համարէ Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնաժողովի պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան: «Անշուշտ մենք շատ ուրախ ենք, որ գագաթնաժողովին ընդառաջ, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան Հոկտեմբերին, մենք նաեւ կը կազմակերպենք տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներ: Ասիկա միայն ողջունելի եւ բաւական լուրջ ներկայութիւն է: Շատ երկիրներէ մօտաւորապէս քանի մը տասնեակ պատգամաւոր եկած է այստեղ, եւ ես կը կարծեմ` դէպի գագաթնաժողովի նախապատրաստական ուղին ասիկա կարեւոր խթան պիտի ըլլայ»,- ըսաւ ան:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ են աշխարհի 27 երկիրներու խորհրդարաններէ ներկայացուցիչներ, ընդհանուր թիւով, 50 պետական-քաղաքական գործիչ: