ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան Հարաւային ռազմական շրջանի ռուսական ռազմակայանին մէջ ռուսական ոստիկանական ուժեր պիտի տեղակայուին:
Նախապէս Գիւմրիի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան Զինուած ուժերու ռազմակայանին մէջ կարգը պահպանելու համար յատկացուած էին առանձին պարեկային խումբեր, սակայն անոնք յատուկ պատրաստուածութիւն չունէին: Նոր ստեղծուող միաւորումները պիտի համալրուին յատուկ մասնագէտներով, որոնք վերապատրաստուած են Վլատիկավկազի ռազմական ոստիկանութեան ուսումնական կեդրոնին մէջ:
Գիւմրիի ռազմակայանին մէջ ռազմական կարգապահութեան, ճանապարհային անվտանգութեան եւ հաստատութիւններու պահպանութեան համար պիտի ստեղծուի ռազմական ոստիկանութեան ստորաբաժանում, անձնակազմը պիտի ստանայ յատուկ զէնք-զինամթերք, սարք: