ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- 1 Սեպտեմբեր 2021-էն, Երեւանի մէջ սկսաւ գործել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հռոմի պապական նուիրակութեան՝ դեսպանութեան, գրասենեակը: Այս տեղեկուիւնը հաղորդեց Հայաստանի մէջ պապական նուիրակ Ժոզէ արք. Պեթենկուր: Գրասենեակը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Հիւսիսային պողոտային վրայ: Այժմ դեսպանատունը կը պատրաստուի գրասենեակի հանդիսաւոր բացման հանդիսութեան:
Ժոզէ արք. Պեթենկուր պիտի դառնայ Հայաստանի եւ Վրաստանի պապական նուիրակը: