Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պետական այցելութեամբ իր կնոջ հետ Հայաստան հասած է Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւը:
Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ նախագահ Ռումեն Ռատեւին եւ իր կնոջ դիմաւորած են նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ տիկին Ռիթա Սարգսեանը: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է նախագահներու առանձնազրոյցը:
Ողջունելով նախագահ Ռատեւը` նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Պուլկարիոյ նախագահին Հայաստան այցելութիւնը կ՛ընթանայ յաջողութեամբ, եւ նախագահ Ռատեւը բարեկամ Պուլկարիա կը վերադառնայ ջերմ տպաւորութիւններով եւ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններով:
«Թէեւ շուրջ տասը տարի անցած է Պուլկարիա կատարած իմ պաշտօնական այցելութեանս, սակայն ես այդ այցելութիւնը հաճոյքով կը յիշեմ, որովհետեւ անիկա լի էր ջերմութեամբ, բազմաթիւ բարեկամական դրսեւորումներով: Գոհունակութեամբ կ՛ուզեմ փաստել, պարո՛ն նախագահ, որ այս 25 տարիներուն մենք ունինք լուրջ ձեռքբերումներ: Եւ թէեւ մեր երկու երկիրներուն միջեւ առկայ ներուժը ամբողջութեամբ չենք օգտագործած, բայց այդ ձեռքբերումները օրինաչափ են: Օրինաչափ են, որովհետեւ մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են պատմական լաւ բարեկամութեան վրայ:
«Պարո՛ն նախագահ, օգտուելով այս լաւ առիթէն, կ՛ուզեմ շնորհաւորել Պուլկարիան Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնելուն առնչութեամբ եւ ձեզի մաղթել յաջողութիւն ձեր նախագահութեան առաջնահերթութիւնները իրականացնելու գործին մէջ: Ատիկա նաեւ կարեւոր է մեզի համար, որովհետեւ մենք ալ կը ձգտինք մերձենալ Եւրոպական Միութեան», ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Պուլկարիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին Հայաստան այցելելու հրաւէրին համար` ընդգծելով, որ մեծ գոհունակութեամբ ընդունած է զայն:
«Մեր երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւնները պարզապէս բարեկամական չեն` անոնք, իսկապէս, բարեկամական են պատմական առումով: Ինչպէս դուք ըսիք` մեր երկու ժողովուրդները շատ ընդհանրութիւններ ունին իրենց պատմական ճակատագիրի հարցով եւ անոնք իրար նկատմամբ մեծ յարգանք ու սէր կը տածեն: Մենք նոյնիսկ պարտական ենք մեր ժողովուրդներուն, որովհետեւ անոնք մեզմէ կ՛ակնկալեն աւելի աշխուժ փոխյարաբերութիւններ: Ձեր հրաւէրով եւ այս այցելութեամբ մենք իրականութեան մէջ բացթողում կը լրացնենք` նկատի առնելով, որ տասը տարի նմանատիպ այցելութիւն չէ եղած: Իսկ ատիկա լաւագոյն նախադրեալն է, որպէսզի զարգանան մեր փոխյարաբերութիւնները բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Կ՛ակնկալեմ, որ այսօր ստորագրենք համագործակցութեան չորս շատ կարեւոր փաստաթուղթ: Ես իմ պատուիրակութեանս կազմին մէջ ունիմ նաեւ չորս հոգի, որոնք մեր ամէնէն կարեւոր կազմակերպութիւններուն նախագահներն են, եւ այդ առումով ակնկալիքներ ունիմ, որ իսկապէս կ՛աշխուժանան մեր փոխյարաբերութիւնները առեւտրական-տնտեսական մարզին մէջ», նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ առանձնազրոյցի ընթացքին ըսած է Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւ:
Նախագահներու առանձնազրոյցէն ետք տեղի ունեցած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ: Բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան միջեւ շարք մը մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն:
Ստորագրուած են` «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ գաղտնի տեղեկատուութեան փոխադարձ պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրը, «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան միջեւ աշխատանքային գաղթի կանոնակարգման մասին» համաձայնագիրը, «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ կապի մարզերու մէջ համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը, «Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան միջեւ մշակոյթի մարզին մէջ 2018-2020 տարիներու համագործակցութեան մասին» գործնական ծրագիրը: