Բոլորը գիտեն, որ դեսպանները պէտք է հետեւին իրենց կառավարութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան ուղենիշներուն եւ չեն կրնար տալ իրենց անձնական որոշումները:
Սակայն, տարօրինակ է, որ Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ դեսպաններուն թոյլ չեն տար Հայոց Ցեղասպանութիւնը կոչել «ցեղասպանութիւն»: Պարզապէս պատկերացուցէք, որ ինչպիսի աղմուկ կը բարձրանար, եթէ Իսրայէլի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը հրաժարէր օգտագործելէ «հրէական Ողջակիզում» եզրը…:
Հակառակ նոյնիսկ հայերու շր-ջանակին մէջ հանրային սխալ ընկալման, Միացեալ Նահանգները բազմիցս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը կառավարութեան ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ։
Ամերիկացի ոեւէ պաշտօնեայ, որ կը խուսափի Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրի կիրարկումէն, կը խեղաթիւրէ Միացեալ Նահանգներու վաղեմի պատմութիւնը: Ինչպէս բազմաթիւ անգամ գրած եմ՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ 1951ին, երբ պաշտօնական զեկոյց մը ներկայացուց Արդարադատութեան միջազգային դատարան՝ յայտնի իբրեւ Համաշխարհային դատարան։ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 1975ին եւ 1984ին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկու բանաձեւներ, իսկ Ռանըլտ Ռէյկըն 22 Ապրիլ 1981ին հրապարակեց նախագահական հռչակագիր մը՝ յիշատակելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Համեմատեցէք Միացեալ Նահանգներու վերոնշեալ պատմական փաստերը Ամերիկայի վերջին նախագահներու եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու կատարած խուսափողական յայտարարութիւններուն հետ, բացառութեամբ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Էվընզի, որ խիզախօրէն ճշմարտութիւնը ըսաւ իր իշխանութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, վտանգելով իր դիւանագիտական ասպարէզը, որ ընդհատուեցաւ 2006ին, նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմին կողմէ։
Դեկտեմբեր 4, 2018ին Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչման եւս մէկ քննարկում տեղի ունեցաւ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին Լին Թրէյսիի թեկնածութեան հաստատման համար հարցադրումներուն ընթացքին։
Հարցադրումներուն ընթացքին իր բացման խօսքին մէջ Թրէյսի խուսափեցաւ օգտագործելէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը. «Յանձնախումբի մեծարգոյ նախագահ, 1915ի սարսափելի դէպքերը՝ Մեծ Եղեռնը կամ Մեծ Աղէտը, որուն ընթացքին 1.5 միլիոն հայեր դարձան տեղահանութիւններու, կոտորածներու եւ մահուան երթերու զոհեր՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, երբեք չեն կրնար մոռցուիլ: Ինչպէս Հայկական յիշատակի օրուան ուղերձին մէջ նշած էր նախագահ Թրամփ՝ «յարգանքի տուրք մատուցելով տառապեալներուն՝ մենք պէտք է ամէն բան ընենք թոյլ չտալու համար, որ նման վայրագութիւններ կրկնուին»: Հաստատուելու պարագային՝ լիազօրութիւններուս սահմանին մէջ ես ամէն ինչ կ՛ընեմ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը վառ պահելու եւ այդ ծանրակշիռ յանձնառութեան հետամուտ ըլլալու համար: Մենք պէտք է յառաջ նայինք՝ դէպի ապագայ եւ դէպի նոր կարելիութիւններ՝ Հայաստանի յաջորդ սերունդին համար: Թուրքիոյ հետ հաշտեցման ուղղութեամբ յառաջընթացը կ՛օգնէ կրճատելու Հայաստանի մեկուսացումը եւ թափ տալու երկրի տնտեսութեան: Այս նպատակով, մենք կը քաջալերենք, որ Թուրքիա եւ Հայաստան ընդունին եւ դէմ յանդիման գան անցեալի ցաւալի տարրերուն: Հաստատուելու պարագային, ամէն ինչ կ՛ընեմ աջակցելու համար աւելի խաղաղ եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ կերտելու նպատակով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերուն»։
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Միացեալ Նահանգներու պատմական փաստերուն հետեւելու փոխարէն, Թրէյսի ճարպիկօրէն դիմեց հին հայկական «Մեծ Եղեռն» եզրին՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» ճիշդ եզրի կիրարկումէն խուսափելու համար: Ան «Մեծ Եղեռն»ը ոչ ճիշդ նկարագրեց որպէս «Մեծ Աղէտ», որ իրականութեան մէջ կը նշանակէ «Մեծ Ոճիր»։
«Քիչ հաւանական կը թուի, որ Թրամփի վարչակազմը կը փոխէ իր ամերիկեան վաղեմի քաղաքականութիւնը, թէ ինչպէս կը յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք ամերիկահայ համայնքի կոչերուն՝ 1915ի սպանդը «Ցեղասպանութիւն» կոչելուն», հարցուց Թրէյսիին՝ իր բացման խօսքէն ետք ծերակուտական Էտ Մարքի (դեմոկրատ, Մեսեչուսեց)։
Թրէյսի պատասխանեց. «Թրամփի վարչակազմը եւ անձամբ ես կ՛ընդունինք այն պատմական փաստերը, թէ ինչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն՝ զանգուածային սպանութիւններ, բռնի տեղահանութիւններ եւ մահուան երթեր, որոնք խլեցին 1.5 միլիոն կեանքեր եւ բազում տանջանքներ պատճառեցին: Եւ ես, հաստատուելու պարագային, իմ լիազօրութիւններու սահմանին մէջ կ՛ընեմ ամէն բան՝ ճանչնալու եւ յարգելու հայերու կորուստներն ու տանջանքները եւ պարտաւոր կ՛ըլլամ մասնակցելու յիշատակի բոլոր ձեռնարկներուն»։
Ծերակուտական Մարքի եզրակացուց՝ ըսելով. «Ժամանակն է, որ մենք պարզապէս կանգնինք եւ եղածը կոչենք իր անունով: Այս մէկը մեզի կ՛օգնէ, որ ապագային վստահութիւն ձեռք բերենք»։
Այնուհետեւ ծերակուտական Պապ Մենենտեզ (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներ ուղղեց դեսպանի թեկնածու Թրէյսիի. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ 1915էն 1923 մօտաւորապէս 1.5 միլիոն հայ տղամարդեր, կիներ եւ մանուկեր սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ»։
Թրէյսի պատասխանեց. «Այո, ծերակուտական, ինչպէս ըսի, վարչակազմը եւ ես կ՛ընդունինք ձեր նշած պատմական փաստերը»։
Մենենտեզ. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ 24 Մայիս 1915ին, դաշնակից պետութիւնները՝ Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ՝ առաջին անգամ բացայայտօրէն մեղադրելով ուրիշ կառավարութիւն մը՝ «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցանքներ» կատարելուն մէջ»։
Թրէյսի. «Ծերակուտական, ես տեղեակ չեմ տուեալ իրադարձութեան մասին»։
Մենենտեզ. «Ես զայն ներկայացուցի ձեր ուշադրութեան, եւ դուք զայն կարդալէ ետք գրաւոր կը պատասխանէք ինծի: Դուք տեղեա՞կ էք, որ անկախ դաշնակցային գործակալութիւն հանդիսացող Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիրի խորհուրդը, 30 Ապրիլ 1981ին միաձայն ընդունած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման թանգարանը պաշտօնապէս կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը թանգարանին մէջ եւ այդ ըրած է հանրային փաստաթուղթերու ստուգման միջոցով»։
Թրէյսի. «Ծերակուտական, ես գրաւոր հաստատում կը ներկայացնեմ ձեզի»։
Մենենտեզ. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու դեսպան Հենրի Մորկընթաու ըսած է, որ թրքական կառավարութեան կողմէ հայերու տեղահանութեան հրամանը եղած է «ամբողջ ցեղի մահուան պատուէր» եւ «յատուկ ջանքեր չեն գործադրուած այդ միտումը թաքցնելու համար՝ Մորկընթաուի հետ անոնց զրոյցին ընթացքին»։
Թրէյսի. «Այո, ծերակուտական, ես տեղեակ եմ դեսպան Մորկընթաուի այդ զեկոյցի փաստերէն»։
Մենենտեզ. «Արդեօք դուք կարգապահական տնօրինման կ՛ենթարկէ՞ք կամ այլ կերպ կը պատժէ՞ք Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ոեւէ պաշտօնեայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան անկեղծ յիշատակումը կատարելուն համար»։
Թրէյսի. «Ծերակուտական, կը կարծեմ, որ բոլորս կը հետեւինք վարչակազմի քաղաքականութեան: Եւ, քաղաքականութիւնը այն է, որ մենք կ՛ընդունինք 1915ի իրադարձութիւններու պատմական փաստերը՝ իբրեւ զանգուածային վայրագութիւն եւ մենք կը մասնակցինք յիշատակի որեւէ ձեռնարկի: Եւ, ես պարզապէս կ՛ըսեմ, որ որպէս արտաքին ծառայութեան աւագ ղեկավար, միշտ բաց եմ՝ իմ խումբի հետ հարցերու քննարկման համար: Ես չեմ պատժեր մարդիկ իրենց տեսակէտները արտայայտելուն համար: Սակայն, որպէս գործադիր մարմինի անդամներ, վերջապէս, մենք զօրավիգ կը կանգնինք նախագահի վարած քաղաքականութեան»։
Մենենտեզ եզրակացուց. «Այս խնդիրը միայն ձեզի չի վերաբերիր. անիկա կը վերաբերի մեր առջեւ կանգնած թեկնածուներուն: Փաստօրէն, մենք ունինք պատմական իրականութիւն՝ ջարդուած է 1.5 միլիոն մարդ: Ասիկա ցեղասպանութիւն է: Եւ դեռ մենք դեսպաններ կ՛ուղարկենք երկիր մը եւ այդ մարդոց կը ստիպենք հայ ժողովուրդի ողջակիզման յուշահամալիր այցելել, սակայն անոնք չեն կրնար պատահածը կոչել «ցեղասպանութիւն»: Սա բաւականին հեգնական երեւոյթ է: Եթէ մենք չկարենանք ճանչնալ անցեալը՝ դատապարտուած ենք վերապրելու զայն: Ուրեմն, ես յոյսով եմ, որ ասիկա իւրայատուկ չէ արտաքին գործոց նախարարութեան համար: Այս երեւոյթը կը շարունակուի երկար ժամանակէ ի վեր: Մենք պէտք է փոխենք այս իրականութիւնը: Ես ձեզի ուղղեցի շարք մը հարցումներ, որովհետեւ կը փորձեմ ձեզի տալ միւս բոլոր տարրերը: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ կը թուի, թէ մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ այդ բառերը դուրս գան մեր շուրթերէն, «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը: Ահա, թէ ինչ տեղի ունեցած է: Այն, ինչը ցոյց կու տայ պատմութիւնը: Այն, ինչը կը ճանչնայ աշխարհը: Այն, ինչը մեր սեփական դաշնակցային գործակալութիւնը կը ճանչնայ Ողջակիզման թանգարանին նման: Յոյսով եմ, որ դուք կը յաջողիք քննել բոլոր հարցումները եւ լաւագոյնս պատասխանել, որպէսզի հասնինք աւելի լաւ տեղ մը»։
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Թրէյսիի թեկնածութիւնը կը քննարկէ ապագայ հարցադրումներուն ընթացքին, երբ ան կը ներկայացնէ իր խոստացած գրաւոր պատասխանները ծերակուտական Մենենտեզի տուած հարցումներուն։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ