Հինգշաբթի, 15 ապրիլ 2021-ին, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան կը գտնուի, Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ: Նախագահները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցեր, որոնց կարգին` Արցախի հարցը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ Վրաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը կարեւոր է թէ՛ երկու երկիրներուն եւ թէ՛ հիմնական նախադրեալ է շրջանի անվտանգութեան եւ զարգացման` աւելցնելով, որ Վրաստանի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեց օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ` անդրադառնալով փոխադրութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, կրթութեան ու մշակոյթի եւ այլ մարզերու: Նախագահը հաստատեց, որ համագործակցութեան մեծ ներուժ կայ ժամանակակից արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան եւ ժամանակակից այլ բնագաւառներու մէջ:
«Անդրադարձանք նաեւ շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման հարցերուն` հաշուի առնելով Հայաստանի պարագային Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Թուրքիոյ աշխուժ ու բացայայտ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի իրականացուցած զինուորական յարձակումներուն պատճառով ստեղծուած նոր իրողութիւնները: Ես վրացի գործընկերոջս ներկայացուցի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հայկական կողմին մօտեցումներն ու տեսակէտները: Յատուկ ընդգծեցի, որ շրջանին մէջ անկարելի է հաստատել մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովել կայունութիւն առանց նաեւ արցախեան տագնապի արդար լուծման: Այդ կարգին նշեցի նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի վերսկսման կարելիութիւնն ու անոր անհրաժեշտութիւնը: Շեշտեցի պատերազմին պատճառով յառաջացած հսկայական մարդասիրական խնդիրները, այդ կարգին` Ազրպէյճանի կողմէ գերիներն ու պատանդները, կամ այն անձերը, որոնք այդպիսի կարգավիճակ ունին, անոնց ազատ արձակման հարցով շուտափոյթ լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը: Ասիկա շատ էական խնդիր է եւ ասիկա մարդասիրական խնդիր է», յայտարարեց Արմէն Սարգսեան:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց նաեւ, որ անթոյլատրելի է պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը Ազրպէյճանի կողմէ շահարկելը, ազգային արժանապատուութեան ոտնահարման քաղաքականութիւն վարելը, մանաւանդ որ նման քաղաքականութիւն ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ երկխօսութեան մթնոլորտի ձեւաւորման: Ա. Սարգսեան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութեան առնչութեամբ:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Վրաստանի նախագահը դիտել տուաւ, որ տագնապի լուծման հարթակ ըլլալու Վրաստանի առաջարկը ուժի մէջ է տակաւին: Ան նշեց, որ Հայաստանի նախագահին հետ ունեցած վերջին հանդիպումէն ետք շատ ծանր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած են բոլորը` մէկ կողմէ համավարակը, որ վնասեց շրջանի բոլոր երեք երկիրներու տնտեսութեան, միւս կողմէ, ան ծանր նկատեց պատերազմն ու անոր հետեւանքները, յատկապէս արձանագրուած զոհերուն պարագան: