Երէկ առաւօտ` ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ:
Արդարեւ, նախագահը վեհափառ հայրապետին առաջարկեց, որ յաջորդ կիրակին` 22 նոյեմբերը, յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ կատարուի յիշատակի արարողութիւն:
Յայտնենք, որ նախագահ Սարգսեան նոյն առաջարկը ներկայացուցած է նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: