ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի Ազգային ժողովը 3 Մարտին խորհրդարանի 107 պատգամաւորներէն 71ին թեր ձայներով՝ միայն իշխանաւորներուն քուէներով, եօթը տարուան ժամկէտով, վերանկախացած Հայաստանի հինգերորդ նախագահ ընտրեց Վահագն Խաչատրեանը, որուն թեկնածութիւնը առաջադրած էր իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը:
Օր մը առաջ՝ 2 Մարտին, ընտրութեան առաջին փուլին կարելի չեղաւ ընտրել նախագահ, որովհետեւ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները պոյքոթի ենթարկեցին նիստը: Արդարեւ, միայն 69 պատգամաւոր մասնակցեցաւ նախագահին ընտրութեան: Թէեւ 69ն ալ թեր քուէարկեցին, բայց եւ այնպէս այդ քուէները բաւարար չէին, որովհետեւ առաջին փուլով ընտրութեան համար անհրաժեշտ էր առնուազն 81 թեր քուէ:
Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները 3 Մարտին եւս պոյքոթի ենթարկեցին ընտրութիւնները եւ չմասնակցեցան, որովհետեւ, ըստ անոնց, նախագահի թեկնածուն Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածուն է, եւ ընդդիմութիւնը նպատակ չունի օրինականացնելու այս գործընթացը: «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան այս մասին ըսաւ. «Հիմնաւորումները մի քանիսն են, նախ եւ առաջ Հայաստանի նախագահը պէտք է վերկուսակցական անձնաւորութիւն լինի: Այսօրուայ նախագահի թեկնածուն հանդիսանում է կուսակցութեան անդամ եւ նրան ներկայացրել են այսօրուայ կառավարութեան անդամները: Ըստ էութեան՝ կարելի է ասել այսօրուայ կառավարութեան ղեկավարը կառավարութեան նիստում նշանակեց հանրապետութեան նախագահին: Գումարած դրան, հաշուի առնելով այդ վերկուսակցական լինելը, Հայաստանի նախագահը պէտք է լինի հաւասարակշռող, համախմբող անձնաւորութիւն»:
Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ազգային ժողովի յատուկ նիստին, որ արտակարգ ընտրութեան պարագային կը գումարուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք՝ 10րդ օրը:
Նորընտիր նախագահին շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ նշելով. «Համոզուած եմ, որ այս բարձր պաշտօնին վրայ ձեր գործունէութիւնը պիտի նպաստէ ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու փոխշահաւէտ եւրասիական համարկման գործընթացներու յառաջխաղացքին՝ ի նպաստ մեր եղբայրական ժողովուրդներուն, ի շահ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան»:
Վարչապետ Փաշինեան եւս շնորհաւորեց եւ նշեց. «Դուք պաշտօնն ստանձնում էք Հայաստանի ապագայի համար կարեւոր ժամանակահատուածում, երբ գտնւում ենք տարածաշրջային եւ միջազգային մարտահրաւէրների բարդ շրջանում»: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ նախագահի լիազօրութիւնները իրականացնելով, Խաչատրեան պիտի նպաստէ իշխանութեան օրէնսդիր, գործադիր, դատական թեւերու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ հաւասարակշռութեան: