27 հոկտեմբերին Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու հարցերը ուսումնասիրող գիտահետազօտական կեդրոնը, գործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինին հետ, կազմակերպեց Հայաստանի նուիրուած գիտաժողով եւ մշակութային երեկոյ:
Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինի անդամները, մտաւորականներ, Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի Հետազօտական կեդրոնի նախագահ Ժան Աքիքի: Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին պատմութեան, հարուստ մշակոյթին, անկախութեան տարիներուն արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն: Դեսպան Քոչարեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Դեսպանը ընդգծեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը Հայաստան – Լիբանան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:
Գիտաժողովին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս եկան Քասլիքի «Ս. հոգի», Պէյրութի Ամերիկեան եւ Ֆրանսայի «Մոնփելիէ 3» համալսարաններու դասախօսներ:
Մշակութային ձեռնարկի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին անունով խօսք առաւ Ռաֆայէլ Ումուտեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի տնօրէնութեան` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նման գիտաժողով եւ ձեռնարկ կազմակերպելու համար: Ապա Ռաֆայէլ Ումուտեան յայտարարեց, որ լիբանանահայ արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեան Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած խաչի քանդակը կը նուիրէ Քասլիքի համալսարանին:
Գիտաժողովին դասախօսութիւն ներկայացուցին Ինալքոյի տնօրէն Անահիտ Տօնապետեան եւ Ֆրանսայէն հրաւիրուած Մոնփըլիէի համալսարանի դասախօս պատմաբան Ժերար Տէտէեան:
Նշենք, թէ գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պարարուեստի եւ երաժշտական դպրոցներէն աշակերտներ: