Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց հաւաքականը պիտի մասնակցի 28 յունիսէն 3 յուլիսի միջեւ կայանալիք փոքր երկիրներու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն: Մրցաշարքին վայրը ցարդ կը մնայ անորոշ:
2022-ի ընթացքին, Հայաստան պիտի մասնակցի պասքեթպոլի Եւրոպայի տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն: