Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Չորեքշաբթի, 25 Ապրիլին խորհրդակցութիւններ ունեցաւ քաղաքական ուժերու եւ հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ, Հինգշաբթի, 26 Ապրիլին առաւօտեան հանդէս եկած է ուղերձով:
Նախագահի ուղերձին մէջ կ՛ըսուի․
«Սիրելի հայրենակից,
Մեր երկրին մէջ վերջին օրերու բուռն զարգացումները աննախադէպ երեւոյթ են: Այն, թէ ինչպէս քաղաքացիական շարժումը կազմակերպուած եւ քաղաքակիրթ զարգացման ճանապարհով վերաճեցաւ համաժողովրդական շարժման, համայն հայութեան համար հպարտութեան առարկայ է:
Հայաստանի պատմութեան մէջ ունինք այլեւս նոր էջ: Մենք կ՛ապրինք Նոր Հայաստանի մէջ: Հայաստան, ուր իւրաքանչիւր հայաստանցի եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր ուժն ու եռանդը պէտք է դնէ երկրի զարգացման համար: Հայաստան, որուն մատնացոյց պիտի ընեն աշխարհի մէջ` ժողովրդավարութեան, կառավարման, քաղաքացիական հասարակութեան, մշակոյթի, գիտութեան ու տնտեսութեան զարգացման առումով: Հայաստան, ուր հայը պիտի տեսնէ իր եւ իր սերունդներու ապագան: Հայաստան, որ պիտի սիրէ իւրաքանչիւր հայ` պետական այրն ու շարքային քաղաքացին:
Հայաստան, որ պիտի ըլլայ իմ եւ քու երազանքներու Հայաստանը:
Այս իրողութիւնը ժխտելը քաղաքական կարճատեսութիւն կ՛ըլլայ:
Այնպէս, ինչպէս Սերժ Սարգսեանը սթափ գնահատականով բացաւ Նոր Հայաստան տանող դարպասը, նոյն կերպով քաղաքական բոլոր ուժերը, յատկապէս` Ազգային ժողովի մէջ ներկայացուած, պէտք է համերաշխաբար հարթեն այդ ճանապարհը` առաջնորդուելով Սահմանադրութեամբ:
Մենք բոլորս պարտաւոր ենք յաւուր պատշաճի իրագործել այն պատմական առաքելութիւնը, որ մեզի բաժին հասած է, եւ մեր ազգի համար այս բախտորոշ պահուն ընել այդ քայլը: Ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող քաղաքական ուժերը պէտք է միասնաբար երկիրը առաջնորդեն այս ճանապարհով:
Ես համոզուած եմ, որ հազարամեակներու ընթացքին կուտակուած ազգային խոհեմութիւնը թոյլ չի տար շրջանցել այս պատմական պահը:
Հպարտ եմ, որ կը տեսնեմ այսօրուան Հայաստանը, եւ ուրախ, որ պիտի ապրիմ վաղուան հզօր, միասնական, արդար եւ ծաղկող Հայաստանի մէջ:
Բարի լո՛յս, Հայաստան: Բարի լո՛յս, Հայաստանի հպարտ քաղաքացի»: