Ճազի սիրահարներուն համար Հայաստանի պետական ճազ-նուագախումբը անակնկալ պատրաստած է:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին ընթացքին նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Արմէն Հիւսնունցը նշեց, որ մարտ 14-ին անձնակազմը համերգով հանդէս պիտի գայ «Գաֆէսճեան» արուեստներու կեդրոնի յատուկ ձեռնարկներու սրահին մէջ:
«Համերգը տեղի կ’ունենայ «Երաժշտութեան կասկադ» ծրագիրի ծագիրի ծիրին մէջ: Որպէս յատուկ հիւր հանդէս կու գայ երգիչ Աղուան Պապոյեան»,- նշեց Հիւսնունցը:
Պապոյեան Ճազային երաժիշտ է, որ որպէս մեներգիչ հանդէս կու գայ ճազ-նուագախումբի հետ: Ան կ’երգէ ճազ եւ սոուլ ոճերուն մէջ: «Երաժշտութեան կասկադ» համերգային ծրագիրին պիտի հնչեն նուագախումբի հին ու նոր ստեղծագործութիւններ:
Անդրադառնալով նուագախումբի յառաջիկայ գործունէութեան` Հիւսնունցը յայտնեց, որ յառաջիկային նուագախումբը նախանշուած մեծ հիւրախաղեր եւ փառատօնային հրաւէրներ չունի, սակայն իր հանդիսատեսին կը խոստանայ ներկայանալ տարբեր երեւանեան եւ մարզային համերգներու միջոցով: Կայանալիք ձեռնարկի տոմսերու արժէքը 5000 դրամ է: