ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ղազախիստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի, Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազ Իկոր Քրասնովի եւ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քամրան Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հարցերը: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Իկոր Քրասնով ընդգծեց եռակողմ ձեւաչափի արդիւնաւէտութիւնը եւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օրինականութեան ամրապնդման եւ վերջին 9 ամիսներուն մարդոց կեանքի կայունացման ուղղութեամբ կողմերուն կատարած աշխատանքներուն զգալի արդիւնքներուն:
Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազը իր հիմնական հարցը նկատեց լարուածութեան թուլացումը տարածաշրջանի բնակչութեան մէջ։ Ան կոչ ուղղեց՝ իբրեւ տեղեկատուութեան փոխանակման ուղի աւելի յաճախ օգտագործել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող ռուս զինուորական դատախազներուն դիմելու կարելիութիւնը, նաեւ՝ կատարուած խախտումներու մասին հաղորդումներ փոխանցելու եւ քաղաքացիները հայրենիք վերադարձնելու աշխատանքները շարունակելու համար:
Իկոր Քրասնով շնորհակալութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գործընկերներուն՝ կառուցողական փոխգործակցութեան եւ ընդհանուր արդիւնքի՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու փորձերուն համար՝ ի շահ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն:
Նշուեցաւ անհետ կորսուածներու որոնողական աշխատանքներու ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան դրական մակարդակը: Համաձայնութիւն գոյացաւ՝ շարունակելու որոնողական աշխատանքները:
Գլխաւոր դատախազները նաեւ քննարկեցին Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու յայտարարութիւններու գործադրութեան կարեւորութիւնը եւ հետագայ իրաւական փոխգործակցութեան հեռանկարները:
Կողմերը հաստատեցին աւելի կանուխ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը՝ շփումներու աշխուժացման անհրաժեշտութեան վերաբերող, հետագայ լարուածութիւնը կանխելու համար: