ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Վերջերս բացայայտուած էր, որ Թուրքիա 2001-ին Հայաստանի դէմ ռազմական օդային գործողութեան ծրագիր մը մշակած էր։
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Տիգրանակերտը ներկայացնող հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրաւոր հարցադրում մը ներկայացուց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին՝ պահանջելով պատասխանել Հայաստանի դէմ ռազմական հաւանական գործողութեան ծրագիրին վերաբերեալ շարք մը հարցումներու:
Փայլան կը նշէ, որ Հայաստանի վրայ թրքական յարձակումի մը ծրագիրին մասին տեղեկութիւնները անհանգստացուցած են Հայաստանի ժողովուրդը եւ հետեւեալ հարցումները կը հասցէագրէ նախարարին.
- Արդեօք Թուրքիոյ զինուորական ուժերը նման փաստաթուղթ ունի՞ն: Նշեալ ծրագիրը ի զօրու կը մնա՞յ:
- Վերոնշեալ ծրագիրը ի՞նչ հիմնաւորումով եւ ի՞նչ նպատակով կազմուած է:
- Ջանքեր պիտի տանի՞ք Հայաստանի ժողովուրդին մօտ այս պնդումներուն իբրեւ հետեւանք յառաջացած անհանգստութիւնը մեղմացնելու եւ խաղաղութեան ուղղուած ակնկալիքները վերականգնելու համար: