Վերջին օրերուն ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուող լուրը, թէ՝ Արցախ այցելելը անվտանգ չէ, իրականութեան չի համապատասխաներ։ Մուտք գործելու կարգը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած է՝ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով։
«Կը ցանկամ ուղղակի անգամ մը եւս շեշտել, որ ատիկա թիւր տեղեկութիւն է։ Հաճեցէ՛ք հետեւիլ միայն պաշտօնական տեղեկատուութեան», – ըսաւ Հայաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան հիւպատոսական բաժնի պետի պաշտօնակատար Լուսինէ Ստեփանեանը։
Մուտք գործելու կարգն էապէս չէ փոխուած։ Փոփոխութիւնները կը վերաբերին օտարերկրեայ պետութիւններու քաղաքացիներուն եւ այն սփիւռքահայերուն, որոնք Հայաստանի քաղաքացի չեն։ Արցախ այցելելու համար անոնք նախապէս պէտք է դիմեն Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ մուտք գործելու թոյլտուութիւն ստանալու համար։
«Թոյլտուութիւնը, միանշանակ, ինչպէս նախկինին, այնպէս ալ այժմ, կու տայ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, այցագիրները կը տրամադրենք մենք՝ ներկայացուցչութիւնը Երեւանի մէջ: Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզապէս կը տեղեկացնէ ռուս խաղաղապահները՝ այցելել ցանկացող քաղաքացիներուն մասին», – ընդգծեց Լուսինէ Ստեփանեանը։
Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող սփիւռքահայերուն եւ օտարերկրացիներուն համար կը գործէ այցագրի կարգ։ Այցագիրները պիտի տրամադրուին 3-4 օրուան մէջ։ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն համար այցագրի կարգ չկայ, Արցախ այցելելու համար անոնց կը տրամադրուի արձանագրութեան թերթիկ։ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար մուտքը ազատ է։